Հիւսիսային Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ ընթացող ԵԱՀԿ նախարարական հաւաքի շրջանակներուն մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի հանդիպումը։
Բանակցութիւնները պատկերող լուսանկարը Թելեկրամի իր ալիքով հրապարակած է Ռուսաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան։
Ռուսական «Ինթերֆաքս» գործակալութեան փոխանցմամբ` հանդիպումը ընթացած է դռնփակ կարգով։
ՀՀ ԱԳՆ-ն ավելի ուշ հաղորդեց, որ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը ռուսական կողմին եւս մէկ անգամ ներկայացուցած է հայկական կողմին դիրքորոշումները երկկողմ եւ տարածաշրջանային օրակարգերու շուրջ Ռուսիոյ քաղաքականութեան եւ իրականացուցած քայլերուն վերաբերեալ:
Ռուսական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան հաղորդմամբ՝ Սերկէյ Լաւրով հաստատած է ռուսական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ նպաստելու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ հիմնուած Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ 2020-2022 թուականներու համար նախատեսուած շարք մը եռակողմ համաձայնագրերու վրայ, ներառեալ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը։