Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Վարչապետը Եւ Քորէայի Նախագահը Պայմանաւորուած Են Սէուլի Եւ Երեւանի Մէջ Դեսպանատուներ Բանալ

Հայաստանի Վարչապետը Եւ Քորէայի Նախագահը Պայմանաւորուած Են Սէուլի Եւ Երեւանի Մէջ Դեսպանատուներ Բանալ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Քորէայի Հանրապետութեան նախագահ Եուն Սոք Եոլի հետ: Հեռախօսազրոյցի արդիւնքով, փոխադարձութեան հիմունքներով երկու մայրաքաղաքներուն մէջ դեսպանատուներ բանալու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է:

Զրուցակիցները անդրադարձած են հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու: ՀՀ վարչապետը եւ Քորէայի Հանրապետութեան նախագահը երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման նպաստելու պատրաստակամութիւն յայտնած են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment