Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանն ու Եւրոպական Միութեան դեսպան Վասիլիս Մարակոսը հանդիպման ընթացքին քննարկած են ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան ընդգրկուն եւ յաւակնոտ օրակարգի շարք մը հարցեր:
Հայկական արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան փոխանցմամբ՝ հանդիպման ընթացքին երկուստեք արժեւորուած են ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի կիրարկման, ինչպէս նաեւ ՀՀ-ԵՄ տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի արդիւնաւէտ կեանքի կոչման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերը, ընդգծուած է հետագայ ակնկալուող աշխուժութիւնը:
Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը եւ ԵՄ դեսպանը միտքեր փոխանակած են ժողովրդավարական հիմնարկներու, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ, ինչպէս նաեւ այլ առանցքային բնագաւառներու մէջ արձանագրուած ձեռքբերումներու եւ առկայ հեռանկարներու շուրջ:
Արարատ Միրզոյեանն ու Վասիլիս Մարակոսնը անդրադարձած են նաեւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն եւ տարածաշրջանին մէջ յարատեւ կայունութեան հաստատման տեսլականին, անոր իրականացման միտուած, այդ շարքին՝ ԵՄ ներգրաւուածութեամբ եւ աջակցութեամբ տարածաշրջանային ծրագրերուն: