2023 թուականի Հայաստանի պաշտպանութեան «S.3000» արձանագրութիւնը ընդունուած է ԱՄՆ Ծերակոյտի միաձայն համաձայնութեամբ:
ԱՄՆ Ծերակոյտը միաձայն ընդունած է Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման միտուած «S.3000» արձանագրութիւնը։ Այն երկու տարի ժամկէտով կ’առաջարկէ ԱՄՆ նախագահին կասեցնել 1992 թուականին ընդունուած յայտնի՝ «Ազատութեան աջակցութեան արձանագրութեան» 907 ենթաբաժինը շրջանցելու իրաւունքի կիրառումը, որ, փաստօրէն, կը կատարուէր Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օգնութիւն տրամադրելու համար։
Երկու կուսակցութիւններուն աջակցութիւնը ստացած այդ օրինագիծը ԱՄՆ Գոնկրէսի Վերին Պալատի հաստատման ներկայացուած էր դեմոկրատական ծերակուտական Կերի Փիթըրզի կողմէ՝ այս Սեպտեմբեր 29-ին: Օրինագիծը ուժի մէջ պիտի մտնէ Ներկայացուցիչներու Տան հաւանութիւնը ստանալէ եւ ԱՄՆ նախագահին կողմէ ստորագրուելէ յետոյ:
Նշենք, որ «Ամերիկայի Ձայն»-ի հայկական ծառայութիւնը հարցում ուղղած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան այն մասին թէ, հաշուի առնելով Արեւմտեան որեւէ հարթակի մէջ հանդիպում ունենալու Ատրպէյճանի դժկամութիւնը, Միացեալ Նահանգները ի՞նչը կը համարէ Հայաստան-Ատրպէյճան բանակցութիւններու յաջորդ քայլը: Հարցումին ի պատասխան, Պետական Քարտուղարութիւնը ընդգծած է երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ բանակցութիւններու կարեւորութիւնը:
«Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ ներգրաւել երկու երկիրներուն ղեկավարութիւնը արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար, ուր բոլորին իրաւունքները յարգուած են: Կը կարծենք՝ կարեւոր է, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը ուղիղ ձեւով քննարկեն եւ լուծեն հարցերը», ըսուած է Պետական Քարտուղարութեան հաղորդագրութեան մէջ: