25 Հոկտեմբեր, 2023, Չորեքշաբթի, Փասատենայի Հայկական ճեմարանի (Blair School Armenian Academy) հանդիսասրահը ապրեցաւ ցնծուն տօնակատարութիւն մը: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ճեմարանի աշակերտները հաւաքուեցան շքեղ սրահի մէջ եւ վայելեցին հայկական արուեստով լեցուն օր մը:
Յայտագիրը սկսաւ ճեմարանի վարիչ Նորայր Տատուրեանի խօսքով, թէ մշակոյթի կենսունակութիւնը հայու ինքնութեան արտացոլացումն է: Ան աշակերտներուն խրատեց՝ թէ պէ՛տք է ծանօթանալ հայ մտքի ստեղծագործութիւններուն հետ, պէ՛տք է ապրիլ անոնց հետ շրջապատուած: Ան ըսաւ. «Հարկ է արտադրել, ո’չ միայն սպառել. երգել, ո’չ միայն ունկնդրել. պարել, ո’չ միայն դիտել»: Այս բարոյախօսութիւնը գործնականի վերածելու համար դպրոց հրաւիրուած էին երկու արուեստագէտեր: Անոնք լայն բացուած սեղաններու վրայ ցուցադրեցին իրենց արուեստի գործիքները եւ լաւագոյն նմուշները:
Առաջին հիւրը երգի եւ երաժշտութեան ուսուցիչ, երաժշտական մարդաբան (anthropologist) Արիկ Գէորգեանն էր: Ան ներկայացուց հայկական երաժշտական տոհմիկ նուագարանները, ինչպէս՝ ծիրանափողը, շուին, պարկապզուկը, զուռնան, տհոլը, պկուն: Պրն. Գէորգեանը թէ՛ նուագեց զանոնք եւ թէ՝ բացատրութիւններ տուաւ, թէ իւրաքանչիւր նուագարանը ինչպէ՛ս կը շինուի եւ զանոնք շինելու համար ի՛նչ նիւթեր կը գործածուին (փայտի տեսակը, եւ այլն): Հիւր երաժիշտը նաեւ հիմնական գիտելիքներ տուաւ հայկական ազգային երաժշտութեան սկզբունքներու եւ ակունքներու մասին: Ան բոլորին զարմացուց բացայայտելով, թէ աքորտէոնը, որ ըստ ընդհանրացած կարծիքի՝ իտալական կամ ֆրանսական ըլլալու էր, իրականութեան մէջ հնարուած է 1829 թուականին Վիեննաբնակ հայ նուագարանագործ Կիւրեղ Դէմեանի (Cyrill Demian, 1772/79, Կեռլա (Արմենոպոլիս), Ռումինիա – 1847/49, Վիեննա, Աւստրիա) կողմէ: Ապա աշակերտները ցուցադրուած գործիքները շօշափելու, նուագելու, -կամ նուագելու փորձ մը կատարելու- առիթը ունեցան:
Երկրորդ հիւրը հայկական տարազի մասնագէտ, գեղանկարիչ, ձեւաւորող Այլին Պօղոսփուռն էր: Ան ցուցադրեց հայկական տարազներու լուսանկարներ, հայկական ասեղնագործութեան ընտիր նմոյշներ եւ այդ արհեստին պատկանող գործիքներ: Սահիկներու իր ներկայացումի մէջ Տիկին Պօղոսփուռը խօսեցաւ հայկական տարազի, կերպասի, գորգագործութեան, ժանեակներու եւ երկրաչափական ասեղնագործութիւններու մասին: Ան բացատրեց, թէ ի՛նչ նշանակութիւն ունին ծառը, նուռը, կեռխաչը եւ թէ՝ միջնադարուն հայերը ինչպէ՛ս ձեռք կը բերէին բնական ներկեր: Արուեստագէտ հիւրը աշակերտներուն ցոյց տուաւ հիւսելու քանի մը ցուցմունք, ապա հետաքրքիր պատանիները քանի մը տող հիւսելու առաջին փորձ մը կատարեցին:
Ապա եկաւ համադպրոցական պարի ժամը: Ամբողջ դպրոցը, սրահի կեդրոնը մէջ մէջի երկու օղակ կազմեց եւ պատրաստուեցաւ հնադարեան Փափուռի պարը պարելու: Ն. Տատուրեանը օղակի մէջ բոլորին բացատրեց, թէ Փափուռին չարխափան պար է: Այդ պարը ունի տասը ոտնահարուած: Ըստ հին հաւատալիքի, չարը կ’ապրի իր ստորերկրեայ մութ աշխարհի մէջ. սակայն, երբեմն դուրս կը հանէ իր տգեղ գլուխը եւ կը փորձէ աւրել մարդու կեանքը: Բայց հայը ուս-ուսի բռնած կը պարէ Փափուռին, որպէսզի չարը վերադառնայ երկրի խորերը եւ մենք մեր հողի վրայ ապրինք խաղաղ եւ ուրախ: Ապա, Արիկ Գէորգեանի աքորտէոնի հնչեղ ձայնը լսելով եւ պարուսոյցներ Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերու ցուցմունքները հետեւելով՝ աշակերտները եւ անոնց ուսուցիչները ուս-ուսի պարեցին Փափուռին:
Յայտագիրը վերջացաւ աւարտական դասարանի «ընտանեկան» խմբանկարով, ուր աշակերտները 19րդ դարու արուեստասէր հայ ընտանիքի մը տաղանդաւոր երաժիշտ որդիները եւ դուստրները դարձան: