Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Եւրոպայի Խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղէն Տեղահանուած Անձերու Աջակցութեան Միջոցառումներու Փաթեթ Պիտի Պատրաստէ

Եւրոպայի Խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղէն Տեղահանուած Անձերու Աջակցութեան Միջոցառումներու Փաթեթ Պիտի Պատրաստէ

by MassisPost

Գաղթի եւ փախստականներու հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Լէյլա Քայաճիքի Հոկտեմբեր 11-ի այցէն յետոյ Եւրոպայի Խորհուրդը կը նախապատրաստէ Հայաստան փախստականներու ներհոսքին արձագանգելու միջոցառումներու համալիր փաթեթ։

Եւրոպայի Խորհուրդի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած յայտարարութեան համաձայն, փաթեթով կը նախատեսուի աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանին՝ 100 հազար ղարաբաղահայերու, այդ շարքին՝ մօտ 30 հազար երեխաներ հիւրընկալելու խնդիրները լուծելու համար:

Կը նշուի, որ այցի շրջանակներուն մէջ Քայաճիք համագործակցած է համապատասխան պետական մարմիններու, միջազգային գործընկերներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ, այցելած է նաեւ Արտաշատի քաղաքապետարանի երկու ապաստարաններ, մատնանշած է աջակցութեան այն ոլորտները, որոնք ներառուած են Եւրոպայի Խորհուրդի՝ Հայաստանի համար 2023-2026 թուականներու գործողութիւններու ծրագրին մէջ եւ Գաղթի ու ապաստարանի առումով խոցելի անձերու պաշտպանութեան 2021-2025 թուականներու գործողութիւններու ծրագրին մէջ:

«Այս նուիրուած եւ նպատակաուղղուած փաթեթին միջոցով մենք պիտի աջակցինք մեր անդամ պետութեան՝ Հայաստանին եւ անոր ժողովուրդին, քանի որ անոնք կը բախին այս աննախադէպ դժուարութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն», ըսած է գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փեյչինովիչ Պուրիչը։

Սեպտեմբեր 19-20-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի իրականացուցած ռազմական գործողութենէն յետոյ, վերջին տուեալներով, 100 հազար 652 արցախցի հեռացած է Հայաստան: Արցախի մը, ըստ գնահատականներուն, մէկ-երկու տասնեակ հայ մնացած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment