Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յասմիկ Պօղոսեանին Եւ Սմբատեաններուն Առնչուող Գործով Պետութեան Պատճառուած Վնասին Մէկ Մասը Հատուցուած Է

Յասմիկ Պօղոսեանին Եւ Սմբատեաններուն Առնչուող Գործով Պետութեան Պատճառուած Վնասին Մէկ Մասը Հատուցուած Է

by MassisPost

Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցին յատկացուած տարածքը խարդախութեամբ յափշտակելու վերաբերեալ քրէական վարոյթի շրջանակին մէջ հատուցուած է պետութեան պատճառուած վնասին մէկ մասը՝ 208 միլիոն դրամը, յայտնած են Գլխաւոր Դատախազութենէն։

Այս գործի շրջանակներուն մէջ կալանաւորուած էին Հայաստանի պետական սիմֆոնիկ նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերկէյ Սմբատեանը, անոր հայրը՝ նախկին դեսպան Արմէն Սմբատեանը։ Նոյն գործով կ’անցնի մշակոյթի նախկին նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը։

Դատախազութիւնը յայտնած է նաեւ, որ ութ մեղադրեալներէն երկուքին՝ Սերկէյ Սմբատեանի եւ Հ. Ա.-ի նկատմամբ քրէական հետապնդումը դադրեցուած է։

Միւսներուն մասով նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment