Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Այս Տարուան Առաջին 9 Ամիսներուն ՀՀ Քաղաքացիութիւն Տրուած Է 16 Հազար 21 Անձի

Այս Տարուան Առաջին 9 Ամիսներուն ՀՀ Քաղաքացիութիւն Տրուած Է 16 Հազար 21 Անձի

by MassisPost

Այս տարուան առաջին 9 ամիսներու ընթացքին նախագահին հրամանագրով ՀՀ քաղաքացիութիւն շնորհուած է 16 հազար 21 անձի, քաղաքացիութենէն հրաժարած է 2 հազար 726-ը: Ազգային Ժողովին մէջ այս մասին յայտնեց Ներքին Գործերու Նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Արա Ֆիտանեանը:

Այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն յանցագործութիւններու դէպքերը աճած են 12,1 տոկոսով կամ 3193 դէպքով: Եթէ 2022-ի առաջին 9 ամիսներուն յանցագործութիւններու թիւը 26 հազար 489 էր, ապա այս տարուան նոյն ժամանակահատուածին 29 հազար 682 է:

Յանցագործութիւններու աճը պայմանաւորուած է թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան, ապօրինի զէնքի եւ կաշառակերութեան դէպքերու բացայայտմամբ: Ներքին Գործերու Նախարարութեան գլխաւոր քարտուղար Արա Ֆիտանեան խորհրդարնին տեղեկացուց, որ թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան դէպքերը աճած են 2294-ով, կաշառակերութեան դէպքերը՝ 295-ով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment