«ԹԱՍՍ» ռուսաստանեան լրատուական գհործակալութեան փոխանցմամբ, չճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին ղեկավարներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը եւ Արայիկ Յարութիւնեանը չեն լքած Ստեփանակերտը, եւ անոնց խնդիրին վերաբերեալ բանակցութիւններ կ’ընթանան։ Այս մասին «ԹԱՍՍ»-ին յայտնած է աղբիւր մը Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ղեկավարներու մերձաւոր շրջապատէն:
«Երեք նախկին ղեկավարներն ալ Մոսկուայի ժամանակով ժամը 11:00-ի (Երեւանի ժամանակով 12:00) դրութեամբ կը գտնուին Ստեփանակերտի մէջ, կ’ընթանան բանակցութիւններ ատրպէյհանական կողմին հետ», ըսած է աղբիւրը։
Ըստ «ԹԱՍՍ»-ի, այդ բանակցութիւններուն վերաբերեալ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ առայժմ որեւէ մեկնաբանութիւն չկայ։
Ստեփանակերտի մրջ է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայիս ղեկավար Սամուէլ Շահրամանեանը։ Ինչպէս հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը, ան խումբ մը պատասխանատուներու հետ պիտի մնայ Ստեփանակերտի մէջ մինչեւ ռազմական գործողութիւններու եւ կազի պահեստի պայթումին հետեւանքով զոհուածներու եւ անհետ կորսուածներու որոնողական աշխատանքներուն աւարտը։