Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը մեկնաբանած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի յայտարարութիւնը առ այն, որ «Ռուսաստանը Ատրպէյճանի յանցակիցն է եւ կը սպառնայ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան»։
Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ճեպազրոյցի ընթացքին Ֆրանսայի նախագահը «երեւակայող» անուանած է։
«Մաքրոնը երեւակայող է, ի՞նչ կրնամ ըսել։ Այսպիսի բան ըսելու համար պարզապէս պէտք է օժտուած ըլլալ հարուստ երեւակայութեամբ», ընդգծած է Ռուսիոյ ԱԳՆ-ի ներկայացուցիչը։
Անոր խօսքով՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Հայաստանի իշխանութիւնները դրդած է իրավիճակի պատասխանատուութիւնը բարդելու Ռուսաստանի վրայ։
Զախարովան յաւելած է, որ Մոսկուան շատ լաւ գիտէ ֆրանսական իշխանութիւններուն հնարքները, եւ այդ անուանած է հրահրող եւ սադրիչ բառապաշար։