Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ-ն Երեւանի Նախկին Քաղաքապետը Կը Մեղադրէ Վարչապետի Ֆիզիքական Ոչնչացումը Ծրագրաւորելու Համար

ԱԱԾ-ն Երեւանի Նախկին Քաղաքապետը Կը Մեղադրէ Վարչապետի Ֆիզիքական Ոչնչացումը Ծրագրաւորելու Համար

by MassisPost

Ազգային Անվտանգութիւնը Ծառայութիւնը օրերս ձերբակալուած՝ Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ալպերթ Բազէեանը կը մեղադրէ վարչապետ Փաշինեանի ֆիզիքական ոչնչացումը ծրագրաւորելու, նաեւ իշխանութեան զաւթումը կազմակերպելու համար։

Երեւանի նախկին քաղաքապետ Ալպերթ Բազէեանին ու եւս 7 հոգիի ԱԱԾ-ն մեղադրանք առաջադրած է իշխանութիւնը իւրացնելու նախապատրաստութեան համար։

Բազէեանն ու «Խաչակիրներ» ռազամահայրենասիրական կազմակերպութեան 7 անդամները ձերբակալուած են, յայտարարած է ԱԱԾ-ն՝ ընդգծելով, որ իրենց կամքէն անկախ, սակայն, անոնք չեն կրցած յանցագործութիւնը աւարտին հասցնել։

Բազէեանի փաստաբան Գէորգի Մելիքեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցին ընդգծեց, որ իշխանութեան իւրացումը կազմակերպելու մէջ մեղադրուող Բազէեանի մեղադրականին մէջ գրուած է նաեւ, որ ան մտադիր եղած է իրագործել վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ֆիզիքական ոչնչացումը, բայց չէ հասցուցած։ Մահափորձի մասով այլ մանրամասնութիւններու տեղեակ չէ փաստաբանը, ըսաւ միայն, որ պաշտպանեալը մեղքը չ’ընդունիր, ինքզինք կը համարէ քաղաքական բանտակեալ, որուն իշխանութիւնը բանտարկած է ստեղծուած լարուած իրավիճակով պայմանաւորուած։

Գէորգի Մելիքեանը փոխանցեց նաեւ, որ ԱԱԾ-ն դիմած է դատարան՝ Բազէեանը կալանաւորելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment