Եւրոխորհրդարանի աւելի քան 60 պատգամաւոր միացած է ֆրանսացի եւրոպատգամավոր Նաթալի Լուազոյի՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ պատժամիջոցներ մտցնելու պահանջին։
«Եւրոխորհրդարանի աւելի քան 60 պատգամաւոր միացած է ինծի եւ կը պահանջէ, որպէսզի Եւրոպան պատժամիջոցներ մտցնէ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգին դէմ Լեռնային Ղաաբաղի հայ բնակչութեան դէմ անոր յարձակման համար», գրած է Լուազօն X-ի իր էջով։
ԵՄ արտաքին քաղաքական ծառայութեան ուղղուած իր հարցումին մէջ Լուազօն եւ միւս եւրոխորհրդարանականները ԵՄ-ին կոչ կ’ընեն գործելու, որպէսզի կանգնեցնեն արցախահայերուն ցեղային զտումը եւ կանխեն յարձակումը, որ կրնար նոր պատերազմի վերածուիլ։