Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հաճիզատէ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Ժողովուրդ» Եզրոյթը Կը Հակասէ Ատրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան

Հաճիզատէ. «Լեռնային Ղարաբաղի Հայ Ժողովուրդ» Եզրոյթը Կը Հակասէ Ատրպէյճանի Տարածքային Ամբողջականութեան

by MassisPost

«Լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդ» եզրոյթը կը հակասէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան։ Այդ մասին, ըստ «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան, յայտնած է Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութեան մամլոյ խօսնակ Այհան Հաճիզատէն:

Այդ մեկնաբանութեամբ ան արձագանգած է ԱՄՆ Ծերակոյտին մէջ լսումներու ընթացքին պետական քարտուղարի օգնականի պաշտօնակատար Եուրի Քիմի հնչեցուցած յայտարարութիւններուն:

«Խաղաղ պայմանագրին մէջ «լեռնային Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան» մասին յղում ներառելը կը հակասէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, քանի որ կը պարունակէ մեր տարածքին մէջ անջատողականութիւնը խրախուսելու համար Հայաստանի կողմէ նպատակաուղղուած կիրառուող եզրոյթ: Միաժամանակ այն կը հանդիսանայ անյարգալից վերաբերմունք Հայաստանի կողմէ իրագործուած ցեղային մաքրազատումներու եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութեան հետեւանքով վտարուած ատրպէյճանցիներու նկատմամբ», կ’ըսուի Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ի խօսնակին յայտարարութեան մէջ:

Հաճիզատէն նաեւ կը պնդէ, որ «ղարաբաղեան շրջանին մէջ ապրող հայերը այդ շրջանի միակ բնակիչները չեն»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment