Երկար դադարէ ետք, Շաբաթ երեկոյեան Երեւանի «Ազատութեանՙ հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նախկին ռեժիմը ներկայացնող ընդդիմութեան հանրահաւաքը, որուն ներկայ եղան Ռոբերդ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը:
Ելոյթ ունեցողները խօսեցան Արցախի հարցի մասին` քննադատելով ներկայ իշխանութիւններու վարած քաղաքականութիւնը` միաժամանակ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը:
Ըստ Իրազեկ Քաղաքացիներու Միաւորումի հաշուարկներուն, հանրահաւաքին ներկայ եղած են շուրջ 10.500 հոգիներ: