Սպիտակ Տունը կը շարունակէ ջանքերը՝ օգնելու համար Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին դիւանագիտական ճանապարհով հասնելու խաղաղութեան: Այս մասին ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան ճեպազրոյցի ժամանակ յայտնած է ԱՄՆ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի համակարգող Ճոն Քիրպին:
«Մենք տարբեր մակարդակներով պահպանած ենք երկխօսութեան եւ դիւանագիտութեան որոշակի մակարդակ։ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդին կողմէ անով կը զբաղի Ճէյք Սալիվանը, իսկ Պետական Քարտուղարութեան կողմէ՝ Ճոն Ֆայնըրը», ըսած է Քիրպին:
«Մենք կանոնաւոր կերպով կ’աշխատինք դիւանագիտական ճանապարհով լաւագոյն արդիւնքի հասնելու համար», յաւելած է ան։ Քիրպին նաեւ յայտնած է Ուաշինկթընի «խոր մտահոգութիւնը» Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ։ «Մենք կը փափաքինք, որ այս միջանցքը կրկին բաց ըլլայ, մենք Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ’ընենք անյապաղ վերականգնելու միջանցքով առեւտրային, մարդասիրական եւ մասնաւոր փոխադրամիջոցներու ազատ անցումը»։
Քիրպիի մեկնաբանութիւնները հնչած են այն ժամանակ, երբ երէկ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը հաւաքուած էր՝ քննարկելու համար Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին արձագանգելու Հայաստանի խնդրանքը: