Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան Արձագանգած Է ՌԴ ԱԳՆ Յայտարարութեան՝ Խաղաղապահներու Կարգավիճակին Եւ ԼՂ-ի Մէջ Տիրող Իրավիճակին Վերաբերեալ

Փաշինեան Արձագանգած Է ՌԴ ԱԳՆ Յայտարարութեան՝ Խաղաղապահներու Կարգավիճակին Եւ ԼՂ-ի Մէջ Տիրող Իրավիճակին Վերաբերեալ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համաձայն է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան վերջին յայտարարութեան մէջ տեղ գտած ձեւակերպման հետ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին ճակատագիրը պէտք չէ ձգուի երրորդ երկիրներու հայեցողութեան։

Այս մասին վարչապետը ըսաւ ասուլիսի ընթացքին։

«Ես համաձայն եմ այդ ձեւակերպման հետ, որ Լեռնային Ղարաբաղի ազգաբնակչութեան ճակատագիրը չպէտք է թողնուի երրորդ երկրների հայեցողութեանը։ Վերջերս հարցազրոյցներից մէկում նոյնպէս անդրադարձել եմ այդ թեմային։ Իսկապէս միշտ չէ, որ դա լաւ եւ ազնիւ է, երբ ունենք մի իրավիճակ եւ ասում ենք. «Մոսկուա, Ուաշինկփըն կամ Պրիւքսէլ, տեսէք՝ ինչ էք անում»։ Իսկ մենք ի՞նչ ենք անում։ Իսկ Ստեփանակերտն ի՞նչ է անում։ Մենք նոյնպէս պէտք է հասկանանք մեր պատասխանատուութեան դաշտում գտնուող հարցերի հասցէագրումը։ Ռուսաստանի Արտաքին Գործերի Նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կան շատ ազնիւ շեշտադրումներ, որոնցից շատերը, եթէ թարգմանենք դիւանագիտական լեզուից, ապա կը հնչի այսպէս. «Լաւ, դուք երեսուն տարի անկախ պետութիւն էք, դեռ որքա՞ն պէտք է խնդիր ունենալու դէպքում զանգէք կամ գրէք Մոսկուա»։ Մենք ունենք ժանր՝ «նամակ ռուսաց թագաւորին»։ Մինչեւ ե՞րբ ենք ապրելու այդ ռեժիմով։ Ի դէպ, այդ ժանրի հիմնադրման գործում Լեռնային Ղարաբաղի մեր հայրենակիցներն ունեն շատ էական դերակատարում, թէեւ ոչ միայն նրանք։ Բա Մոսկուայի խնդիրներն ո՞վ պէտք է լուծի։ Ուաշինկթընն ու Պրիւքսէլը նոյնպէս ունեն իրենց խնդիրները», ըսաւ Փաշինեան։

Խաղաղապահներու կարգավիճակին վերաբերեալ վարչապետը վկայակոչեց ՌԴ Դաշնային Խորհուրդի որոշումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական զօրախումբ տեղակայելու մասին, ըստ որուն՝ Դաշնային Խորհուրդը իր համաձայնութիւնը տուած է Ռուսիոյ նախագահին, որպէսզի 2020 թուականի Նոյեմբեր 10-ին Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան համաձայն՝  զինուորական խմբաւորում ուղարկուի Լեռնային Ղարաբաղ՝ համապատասխան տեխնիկայով եւ հանդերձանքով, որուն նպատակն է Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեամբ ամրագրուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչել եւ զինադադար հաստատել՝ խուսափելով քաղաքացիական ազգաբնակչութեան շրջանակին մէջ զանգուածային մահերէ եւ քաղաքացիական կառոյցներու ոչնչացումէն։

ՀՀ վարչապետը վկայակոչեց 2020 թուականի Դեկտեմբեր 17-ին Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին հնչած յայտարարութիւնը, որուն մէջ մասնաւորապէս կ’ըսուէր. «Միջազգային իրաւունքի տեսնակիւնէն բոլոր այդ տարածքները կը հանդիսանան Ատրպէյճանի Հանրապետութեան անքակտելի մաս։ Կը կրկնեմ եւս մէկ անգամ, որ Հայաստանը չէ ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, հետեւաբար, հաշուի առնելով այդ հանգամանքը՝ Լեռնային Ղարաբաղը նաեւ միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն Ատրպէյճանի տարածք է»։

Փաշինեան տեղեկացուց, որ տուեալ հարցը քննարկած են 2020 թուականէն առաջ ու նաեւ վերոյիշեալ յայտարարութենէն յետոյ՝ արձանագրելով, որ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ բոլոր երկիրները Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցած են որպէս Ատրպէյճանի մաս։  Ան մէջբերեց նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի համանախագահ Սթեֆան Վիսքոնթիի հանդիպումը Ֆրանսայի ծերակոյտի արտաքին գործերու, պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու հարցերով յանձնաժողովին հետ, որ տեղի ունեցած է 2020 թուականի Յունուար 8-ին։ Ֆրանսացի համանախագահը մասնաւորապէս ըսած է. «Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի մէջ գտնուող լեռնային ներգաւառ է»։

Վարչապետը ներկայացուց նաեւ 2012-16 եւ 2017-19 թուականներու ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան կողմէ մարդու իրաւունքներու տարեկան զեկոյցին մէջ յիշատակուած ձեւակերպումները։ Անոնցմէ մէկուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Անջատողականները Հայաստանի աջակցութեամբ շարունակած են վերահսկել Լեռնային Ղարաբաղի մեծ մասը եւ եօթը այլ ատրպէյճանական տարածքները»։

Փաշինեանը տեղեկացուց, որ վերջերս «Ֆրանսփրես» գործակալութեան հարցազրոյց տուած է ու նշած, որ Հայաստանը՝ որպէս անկախ պետութիւն, պէտք է կատարէ հասունացման յաջորդ քայլը՝ հասկնալով, որ Հայաստանի խնդիրներու լուծողը առաջին հերթին ինքն է։

«Դա է պատճառը, որ ես համաձայնուել եմ պայմանաւորուածութեանը, որ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը փոխադարձաբար ճանաչում են միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնը՝ 29,8 եւ 86,6 հազար քառակուսի քիլոմեթրով։ Մենք չենք կարող առանձին մոլորակի վրայ ապրելու տեսիլք ստեղծել, որը, սակայն, իրական չէ, ընդամէնը տեսիլք է։ Սխալ տպաւորութիւն է առաջացել, որ միջազգային հանրութիւնը նախընտրել է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի լուծման այս կամ այն տարբերակը։ Միջազգային հանրութիւնը նախընտրում է ցանկացած տարբերակ՝ յորդորելով հակամարտող կողմերին նոյնպէս բաւարար ջանքեր գործադրել։ Մեզ թւում է, թէ Մոսկուան, Ուաշինկթընն ու Պրիւսքէլը մեզ բերելու են մեր երազած տարբերակը, բայց նման բան չի լինելու, որովհետեւ Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղն առանձին մոլորակում չեն, կան միւս երկրները, կայ Ատրպէյճանը, կան ընդհանուր շահեր, հետեւաբար, մենք, մեր շահերով հանդերձ, պէտք է տեղաւորուենք այդ շահերի տրամաբանութեան մէջ, այլ ոչ թէ հակադրուենք այդ շահերին», ըսաւ ՀՀ վարչապետը։

Մեր նախընտրական ծրագրին մէջ գրուած է նաեւ «ինքնորոշում» եւ «անջատում յանուն փրկութեան»․ Այսօր մամուլի ասուլիսի ժամանակ նշած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման օրակարգը իրենց օրակարգին վրայ է։

Վարչապետը նշեց, որ ինքնորոշումը միշտ ալ նկատի առնուած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներուն մէջ եւ այդ կ’ապացուցուի փոստաթուղթերուն մէջ, մասնաւորապէս 1996 թուականի Լիզպոնի գագաթաժողովը․ «Եթէ մեզ յաջողուի կամ ԼՂ ժողովրդին յաջողուի ապացուցել միջազգային հանրութեանը, որ Ատրպէյճանը ցեղային զտումների եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւն է  իրականացնում, ապա այդ ապացուցման պարագայում եւ համոզման պարագայում ուզենք թէ չուզենք կ’աշխատի նաեւ յանուն փրկութեան ծրագիրը»։

«Հայաստանի խնդիրը ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումն է, եւ մենք մնալու ենք այս տրամաբանութեան մէջ: ԼՂ անվտանգութիւնը ապահովելու համար կայ Պաշտպանութեան բանակ: Սակայն ընդհանուր առմամբ ես կարծում եմ, որ դիւանագիտական ճանապարհներ պէտք է օգտագործուեն ԼՂ անվտանգութիւնն ապահովելու համար», ըսաւ Փաշինեան եւ յաւելեց, որ ԼՂ-ի մէջ Պաշտպանութեան բանակի առկայութիւնը ինքնանպատակ չէ, քանի որ Ատրպէյճանը անընդհատ կ’օգտագործէ յարձակողական, սպառնալից քաղաքականութիւն: «ԼՂ անվտանգութիւնը պէտք է ապահովուի այնպիսի ձեւով, որն առաջին հերթին վստահելի կը թուայ ԼՂ բնակչութեանը», յաւելեց Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետին խօսքով՝ Հայաստանի Զինուած ուժերուն գործառոյթը, Հայաստանի Սահմանադրութեամբ, ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնն ապահովելն է. «Մենք նոր պատերազմ չենք ուզում եւ ամէն ինչ պէտք է անենք, որ չլինի նոր պատերազմ: Եւ պէտք է ամէն ինչ անենք, որպէսզի նաեւ ՀՀ տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնուի խաղաղ գործընթացի միջոցով սահմանագծման եւ սահմանազտման գործընթացի տրամաբանութեան մէջ»:

Ինչ կը վերաբերի «Զանգեզուրի միջանցք»ի մասին Թուրքիոյ նախագահի յայտարարութիւններուն, Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ հայկական կողմին դիրքորոշումները չեն փոխուած. «ՀՀ տարածքում որեւէ միջանցք չի կարող գործել, մենք պատրաստ ենք ճանապարհների վերաբացմանը, որը պէտք է գործի տարածքային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան շրջանակներում»:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment