Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը կը յայտարարէ նստացոյցը դադրեցնելու մասին։
Ֆէյսպուքով Յարութիւնեանը, մասնաւորապէս, նշած է, որ նստացոյցը, համաժողովրդական շարժումը եւ մնացած բոլոր ջանքերը արդէն որոշակի արդիւնք ապահոված են միջազգային ուշադրութիւն հրաւիրելու եւ գործնական քայլերու մղելու հարցով՝ ինք այժմ պիտի դադրեցնէ նստացոյցը եւ պիտի շարունակէ ջանքերը աշխատանքային արտակարգ ռեժիմով։
«Միեւնոյն ժամանակ, համաժողովրդական շարժման շրջանակներում շարունակւում են նստացոյցներն ու այլ շարժումները մեր այլ հայրենակիցների կողմից, իսկ ես պարբերաբար հանդիպումներ եմ ունենալու նրանց հետ եւ համատեղ քննարկելու ենք մեր անելիքները», գրած է Արցախի նախագահը:
Ընդգծելով, որ այս ընթացքին հրապարակային ու փակ ձեւաչափով գործադրուած ջանքերու եւ իրականացուած միջոցառումներու շնորհիւ Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշումը մեծցած է, ինչ որ դրսեւորուած է նաեւ շարք մը միջազգային յայտարարութիւններով ու գործողութիւններով՝ Յարութիւնեան նշած է, որ անոր առաջին արձագանգը Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումն է Արցախի ժողովուրդը աղէտէն փրկելու նպատակով Արցախ մեծաքանակ մարդասիրական աջակցութիւն ուղարկելու մասին:
«Կա՛մ Ատրպէյճանը կը բացի Լաչինի (Քաշաթաղի) միջանցքը այդ մարդասիրական աջակցութեան առջեւ, կա՛մ աղէտի գօտի մարդասիրական բեռների մուտքի հերթական արգելքով, ի լուր աշխարհի, լրացուցիչ կերպով կը վերահաստատի իր քաղաքականութեան ցեղասպանական էութիւնը», գրած է Յարութիւնեան ու կոչ ըրած է այլ պետութիւններուն ու միջազգային կազմակերպութիւններուն (առաջնահերթօրէն՝ ՄԱԿ-ի համապատասխան գործակալութիւններուն) հետեւելու Հայաստանի օրինակին եւ Արցախի ժողովուրդին մատակարարելու հրատապ մարդասիրական աջակցութիւն՝ իրենց ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններու շրջանակներուն մէջ: