Գլխաւորութեամբ ատենապետ Դոկտ. Համբիկ Սարաֆեանի, Երեքշաբթի, 27 Յունիս 2023-ին, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ անդրադարձ կատարելու Հայաստանը, Արցախը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն: Յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներկայ ճակատագրական հանգրուանին համազգային խորհուրդ մը կազմելու հրամայականը, որպէսզի կարելի ըլլայ համահայկական ճիգով դիմակալել հայրենիքին ու ազգին սպառնացող վտանգները: