Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հին Թաղերու Գործը Դատախազութիւնը Ուղարկած Է Դատարան

Հին Թաղերու Գործը Դատախազութիւնը Ուղարկած Է Դատարան

by MassisPost

Գլխաւոր Դատախազութիւնը հաստատուած համարած է Հատրութի շրջանի Հին Թաղեր տեղամասի հրամանատարներու մեղադրանքը եւ եզրակացուցած է, որ անոնց անփութութեան հետեւանքով հակառակորդը տիրացած է մարտական դիրքերու տեղակայման քարտէզին եւ շրջափակած է դիրքը: Անկէ յետոյ 9 զինուոր զոհուած է, 2 հոգի` գերեվարուած, անոնք ամիսներ անց վերադարձուած են:

Մեղադրեալները երկուքն են` 12 մարտական դիրքերու անվտանգութեան պատասխանատու, հրաձգային գումարտակի հրամանատար Ճիւան Մկրտչեանը եւ անոր ենթակայ, մայոր Վլատիմիր Ղուկասեանը: Անոնք կալանաւորուած չեն, երկուքն ալ մեղքը չեն ընդունիր, կ’ըսէ փաստաբան Հրանդ Վարդանեանը:

«Անտեսանելիութեան պայմաններում, բնականաբար, զօրքին հրաման տալ, որ թողի մարտական դիրքը, ի հարկէ, դա անհեթեթ է ուղղակի, Դատախազութեան առաջադրած մեղադրանքն անհասկանալի է մեզ համար»,  «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ ան:

Քրէական գործ յարուցուած է Հին Թաղերու մարտական դիրքերու անվտանգութեան պատասխանատու երկու սպաներու նկատմամբ

2020-ի Նոյեմբեր 9-ի յայտարարութենէն մօտ մէկ ամիս անց հաղորդուեցաւ, որ ատրպէյճանական ուժերը վերահսկողութեան տակ առած են Հատրութի շրջանին մէջ հայկական մնացած վերջին երկու` Հին Թաղեր ու Խծաբերդ գիւղերը` գերեվարելով 64 պահեստազօրայիններ: Անոնց մէկ մասը Պաքուն վերադարձուց, իսկ 26-ը դեռ կը պահուին ատրպէյճանական բանտերուն մէջ, Պաքուն զանոնք դատապարտած է մինչեւ վեց տարուան բանտարկութեան` սահմանը ապօրինի հատելէ մինչեւ զինուած խմբաւորում կազմելու յօդուածներով:

Հին Թաղերու մէջ ատրպէյճանական յարձակման դէմ պաշտպանութիւնը կազմակերպելու պատասխանատու փոխգնդապետ Ճիւան Մկրտչեանը, ըստ մեղադրանքի, հրամանատարութեան զեկուցած է միայն մէկ մարտական դիրքի վրայ հակառակորդի յարձակման ու անոր հետեւանքով վիրաւորներու մասին: Յետոյ արդէն զեկուցած է իրավիճակի հանդարտեցման մասին, այնինչ հակառակորդի ուժերու կուտակումներ կային: Բացի անկէ, փոխգնդապետը, տեղեակ ըլլալով հակառակորդին կողմէ կուտակումներու, նաեւ մէկ այլ մարտական դիրքէ անձնակազմի դուրս գալու հնարաւորութեան մասին, այդ դիրքի անձնակազմին հրամայած է մնալ դիրքին վրայ: Այս պայմաններուն մէջ փոխգնդապետ Մկրտչեանը շարունակած է շրջանաձեւ պաշտպանութիւնը` հաւաստիացնելով, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ օգնութեան պիտի հասնի: Բայց դիրքը աստիճանաբար յայտնուած է հակառակորդին կողմէ լրիւ շրջափակման մէջ եւ զրկուած է շրջափակումէն ժամանակին դուրս գալու հնարաւորութենէն:

Իսկ միւս դիրքի զինուորները, որ կը սպասէին օգնութեան, չունենալով այլ ելք, սեփական նախաձեռնութեամբ դիրքէն դուրս եկած են, յայտնուած են կուտակուած հակառակորդին զինուած ուժերու տեսադաշտին մէջ եւ սպաննուած, իսկ երկու զինուորները, որ շարժած են այլ ուղղութեամբ, գերեվարուած են, կը պնդէ մեղադրող կողմը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment