Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Արման Սարգսեան Ազգային Ժողովի Պաշտպանութեան եւ Անվտանգութեան հարցերի մշտական յանձնաժողովին ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Չեխիոյ միջեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը, որ ներկայացուած է խորհրդարանի վաւերացման:
«Ըստ այդ համաձայնագրի` սահմանուելու են ռազմատեխնիկական բնագաւառում համագործակցութեան ուղղութիւնները, որոնք ներառում են ռազմական նշանակութեան արտադրանքի արտադրութեան, ներմուծման եւ արտահանման, արտօնագրի տրամադրման, որակի նկատմամբ հսկողութեան ապահովման, անհրաժեշտ մասնագէտների եւ տեխնիկական անձնակազմի պատրաստման գործընթացը, ռազմատեխնիկական ոլորտում գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններին աջակցութիւնը, տեղեկութիւնների փոխանակման եւ պահպանման հետ կապուած այլ յարաբերութիւնները:
«Համաձայնագրի դրոյթների իրագործման նպատակող կողմերի լիազօր մարմիններ են հանդիսանալու Պաշտպանութեան նախարարութիւնները, ինչպէս նաեւ հայ-չեխական տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի շրջանակներում ստեղծուելու է ռազմատեխնիկական համագործակցութեան աշխատանքային խումբ», յանձնաժողովի նիստին ըսաւ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալը:
Արման Սարգսեան նշեց, որ համաձայնագրին նախագիծը, բացի շահագրգիռ պետական մարմիններու հետ համաձայնելէ, նաեւ Սահմանադրական դատարանին կողմէ ճանչցուած է Սահմանադրութեան պահանջներուն համապատասխանող:
Յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ համաձայնագրին:
Հայաստանն ու Չեխիան ռազմատեխնիկական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը ստորագրած են 2019 թուականի Ապրիլին: Համաձայնագիրը ուժի մէջ կը մտնէ երկու երկիրներուն մէջ ներպետական ընթացակարգերը անցնելէ յետոյ: Չեխիան 2019 թուականի Մայիսին Հայաստանին ծանուցած է համաձայնագրի ներպետական ընթացակարգերու կատարման մասին: