ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւնը կը պատրաստուի նոր երեք լրացուցիչ դաշտային գրասենեակ բանալու Կապանի, Իջեւանի եւ Եղէգնաձորի մէջ, յայտնած է առաքելութեան ղեկավար Մարքոս Ռիթերը` Մարտունիի մէջ Յունիս 1-ին ընդունելով Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ աշխատանքային խումբի ԵՄ պատուիրակութիւնը:
Ներկայացնելով առաքելութեան գործունէութիւնը` Ռիթեր մասնաւորապէս նշած է, որ առաքելութիւնը իրականացուցած է աւելի քան 300 պարեկութիւն Գորիսի, Ջերմուկի եւ Մարտունիի մէջ գտնուող իր դաշտային գրասենեակներէն:
Ամէն շաբաթ պարեկները կ’անցնին աւելի քան 3800 քմ տարածութիւն: Առաքելութիւնը մեկնարկած է աննախադէպ արագութեամբ` սկսելով իր գործողութիւնները այս Փետրուարին», նախօրէին տարածած յայտարարութեան մէջ ըսած է Ռիթեր` շեշտելով, որ առաքելութեան նպատակն է հասնիլ սահմանամերձ շրջաններու անվտանգութեան կայունացման:
Վկայակոչելով Հայաստանի պաշտօնեաներուն յայտարարութիւնները` Ռիթեր նկատած է, որ «առաքելութիւնը նպաստած է իրավիճակի որոշակի կայունացման, այնուամենայնիւ, իրավիճակը կը մնայ անկայուն»: