Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Առաջին Անգամ Հայաստանը Ղեկավարի Մակարդակով Մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Նախագահի Երդմնակալութեան

Առաջին Անգամ Հայաստանը Ղեկավարի Մակարդակով Մասնակցեցաւ Թուրքիոյ Նախագահի Երդմնակալութեան

by MassisPost

Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը երդմնակալութեամբ ստանձնեց Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնը․ «Որպէս նախագահ ես կ’երդնում իմ պատիւով ու ազնուութեամբ մեծ թրքական ժողովուրդին առջեւ` ամբողջ ուժով աշխատիլ` պաշտպանելու պետութեան գոյութիւնն ու անկախութիւնը, անկողմնակալ կատարել իմ պարտքը»:

Երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ խորհրդարանին` Ազգային մեծ ժողովին մէջ:

Ռեճեպ Էրտողանը խորհրդարանէն ուղեւորուած է ժամանակակից Թուրքիոյ հիմնադիր Քեմալ Աթաթուրքի դամբարան: Վերընտրուած նախագահի երդմնակալութեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահական նստավայրին մէջ:

Այդ արարողութեան հրաւիրուած էին տասնեակ երկիրներու ղեկավարներ ու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, այդ շարքին` Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Պատրիարք Սահակ Արք. Մաշալեան, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, Իսթանպուլի նորընտիր երեսփոխան տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլ

Փաշինեանին կ’ուղեկցէր Ազգային Ժողովի փոխխօսնակ, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան գործընթացին մէջ հայկական կողմի բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեանը: Անգարայի «Էսենպոկա» օդակայանին մէջ զանոնք դիմաւորած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման թրքական կողմի բանագնաց դեսպան Սերտար Քըլըճը:

Սա առաջին անգամ էր, որ Հայաստանը պետութեան ղեկավարի մակարդակով կը մասնակցէր Թուրքիոյ նախագահի երդմնակալութեան արարողութեան: Մինչ այս միայն մէկ անգամ` 2014-ի Օգոստոս 28-ին արտաքին գործերու նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը մասնակցած էր արարողութեան:

Թուրքիոյ նախագահական համալիրին մէջ վարչապետ Փաշինեանը դիմաւորած է Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախարար Մեվլութ Չաւուշօղլուն:

Պետութեան ղեկավարներէն  Անգարա կը գտնուէր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը: Ռուսիան միջոցառման ընթացքին կը ներկայացնէր Պետական Տումայի խօսնակ Վեաչեսլաւ Վոլոտինը, իսկ Ուաշինկթընը ներկայացած էր Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին մակարդակով:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment