Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեր Դաշնակիցները Աւելի Լաւ Է Որեւէ Յայտարարութիւն Չընեն, Քան Ըսեն, Որ Չկայ Սահմանագիծ, Դժուար Է Դատապարտել. Արարատ Միրզոյեան

Մեր Դաշնակիցները Աւելի Լաւ Է Որեւէ Յայտարարութիւն Չընեն, Քան Ըսեն, Որ Չկայ Սահմանագիծ, Դժուար Է Դատապարտել. Արարատ Միրզոյեան

by MassisPost

Արտաքին յարաբերութիւններու եւ Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէտային հարցերու մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին` պատասխանելով Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեանին, արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսաւ. «Ինչ վերաբերում է ձեր արձագանգին, թէ մենք ամէն ինչ անում ենք նախկինների նման, մենք  գրեթէ ոչինչ չենք անում նախկինների նման: Ես կը խօսեմ նաեւ իմ ոլորտի մասին եւ կարող եմ մի նախադասութեամբ ուղղակի ասել` հետագայ խօսակցութիւնն այս մասին բացառելու համար: Բայց չեմ խուսափի, եթէ կ’ուզէք»:

Ի յաւելումն ան ըսաւ, որ ամենակարեւոր բաներէն մէկը` ինչ իրենք չեն ըներ նախկիններուն նման` արտաքին յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ, իրենք հրապարակաւ ե՛ւ ընդդիմութեան, ե՛ւ հանրութեան կ’ըսէին այն, ինչ որ կը բանակցէին եւ իրենց հրապարակային դիրքորոշումը համանման է անոր, ինչ իրենք որդեգրած են եւ ցոյց կու տան բանակցութիւններու ընթացքին` փակ դռներու ետին: Խօսելով նաեւ ՀԱՊԿ-ի մասին` նախարարը ըսաւ, որ Սեպտեմբերին ՀՀ ինքնիշխան տարածքը խախտուած է, սահմանը խախտուած է, ըստ այդմ կարիք կայ ուղարկելու վերահսկողական առաքելութիւն, սա իրենց պատկերացմամբ պիտի ըլլայ այն ռազմաքաղաքական դաշինքի նուազագոյն արձագանգը, որուն մէջ մենք կանք, մաս ենք, անդամ ենք:

«Այդ նախագծի մէջ, մեր միւս գործընկերների կողմից այսպիսի պնդում անելը մինչ այս պահը հնարաւոր չի եղել: Սա ինչով է վտանգաւոր: Չճշդելով, որ ՀՀ ինքնիշխան տարածքը խախտուել է եւ ՀՀ պետական սահմանը խախտուել է օրինակ` սեպտեմբերեան ներխուժման դէպքում, ստացւում է, որ օրինականացւում է ատրպէյճանական խօսոյթը, սահմանը սահմանազատուած չի, ոչ մէկը չգիտի որտեղ է յստակ սահմանը, հետեւաբար, ոչ մէկը չի կարող ասել ատրպէյճանական զօրքը մտել է ՀՀ տարածք, թէ չէ: Տուեալ դէպքում, մեր դաշնակիցներն աւելի լաւ է` որեւէ յայտարարութիւն չանեն, քան անեն յայտարարութիւն, որը կ’օրինականացնի խօսոյթն այն մասին, որ եթէ չկայ սահմանագիծ, դժուար է դատապարտել մէկին կամ ճշդել որեւէ մէկին, թէ ով ում տարածք է մտել», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment