Հաւանութիւն տրուած է 2023 թուականի Մարտ 14-ին Ուաշինգտօկթընի մէջ ստորագրուած «ՀՀ Միջուկային Անվտանգութեան Կարգաւորման Կոմիտէի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջուկային Կարգաւորող Յանձնաժողովի միջեւ միջուկային անվտանգութեան հարցերով տեխնիկական տեղեկատուութեան փոխանակման եւ համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրը հաստատելու մասին» ՀՀ նախագահի հրամանագրի նախագիծին:
Նոր hամաձայնագրով կ’ընդլայնուի համագործակցութիւնը աթոմային ուժանիւթի օգտագործման բնագաւառի միջուկային ու ճառագայթային անվտանգութեան կարգաւորման հարցերով: Այն պիտի նպաստէ անվտանգութեան հարցերով յառաջադէմ փորձի ու գիտելիքներու փոխանակման, նոր արհեստագիտութիւններու ներդրման: Համաձայնագրով առաջարկուող համագործակցութիւնը ուղղուած է Հայաստանի մէջ կարգաւորող ենթակառուցուածքի ուժեղացման, անձնակազմի ունակութիւններու եւ կարողութիւններու զարգացման, որ պիտի նպաստէ աթոմային ելեկտրակայաններու շահագործման ժամկէտի երկարացման, Հայաստանի մէջ նոր աթոմային ելեկտրակայանի կառուցման արտօնագրութիւն ստանալու փուլերուն մէջ անվտանգութեան վերլուծութեան ու գնահատման իրականացման: Համաձայնագրով ստացուած գիտատեխնիկական աջակցութիւնը պիտի նպաստէ ֆիզիքական պաշտպանութեան, միջուկային զէնքի չտարածման երաշխիքներու իրականացման, ռատիօաքթիւ նիւթերու եւ թափօններու անվտանգութեան, շրջակայ միջավայրի վերահսկողութեան իրականացման, անվտանգութիւնը կարգաւորող փաստաթուղթերու մշակման համար:
Հաւանութեան արժանացած է «Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան մասնակից պետութիւններու` հարկադիր վտարման ենթակայ անձերու` վերադարձի վկայականներով փաստաթղթաւորման հարցերով փոխգործակցութեան մասին» համաձայնագրի ստորագրման առաջարկութիւնը: Այն կը նախատեսուի հարկադիր վերադարձի ենթակայ անձի նոյնականացման եւ քաղաքացիութիւնը պարզելու հարցումը ուղարկել ծագման պետութեան ներկայացուցչութիւն` վերադարձի վկայականներու ձեւակերպման նպատակով: Ներկայացուցչութիւնն ալ հարցումի ստացումէն 30 օրուան ընթացքին պիտի իրականացնէ անձի քաղաքացիութեան պարզումը:
ՀՀ Ներքին Գործերու Նախարարութիւնը անձերու քաղաքացիութեան եւ ինքնութեան հարցերը պարզելու գործառոյթները կ’իրականացնէ յետընդունման համաձայնագրերու ծիրին մէջ: Միջազգային համաձայնագրի կնքումը հնարաւորութիւն պիտի տայ, մասնաւորապէս` համատեղ եւ համակարգուած քայլեր իրականացնելու ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու տարածքներուն մէջ անկանոն կարգավիճակի մէջ գտնուող անձերը նոյնականացնելու եւ քաղաքացիութիւնը պարզելու ուղղութեամբ, փոխգործակցութիւն հաստատելու կողմերու միջեւ հարկադիր վերադարձի ենթակայ անձերու վերադարձի վկայականներու ձեւակերպման հարցերուն մէջ, զարգացնելու արդիւնաւէտ համագործակցութիւն գաղթի ոլորտին մէջ: