Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը զբօսաշրջիկներու այցելութիւններու առումով մրցանշային տարի կը կանխատեսէ, եթէ անոր համար լուրջ խոչընդոտներ չըլլան:
Քերոբեանը այս մասին ըսաւ խորհրդարանին մէջ պիւտճէտային քննարկումներու ժամանակ:
Ան յայտնեց, որ 2023 թուականի առաջին չորս ամիսներուն Հայաստան այցելած է 630 հազար զբօսաշրջիկ, որ 35 տոկոսով բարձր է 2019 թուականի ցուցանիշէն: «Սա թոյլ է տալիս մտածել, որ մենք կ’ունենանք մրցանշային տարի, եթէ լուրջ խոչընդոտներ չլինեն», ըսաւ նախարարը:
10 տարի առաջ կատարուած հետազօտութեան համաձայն` մէկ զբօսաշրջիկը Հայաստանի մէջ կը ծախսէր 800 տոլարին մօտ գումար: Նախարարութիւնը նոր հետազօտութիւն ըրած է, արդիւնքները տակաւին վերջնական ամփոփուած չեն, բայց Քերոբեան նշեց, որ հիմա մէկ զբօսաշրջիկը Հայաստանի մէջ կը ծախսէ 1200 տոլար գումար:
Նախարարին խօսքով` փոխուած են նաեւ զբօսաշրջիկներուն սովորոյթները: Զբօսաշրջիկները աւելի շատ սկսած են տուներ վարձել, պանդոկի վրայ ծախսուելիք գումարները խնայել եւ զանոնք ուրիշ տեղ ծախսել:
Քերոբեան ընդգծեց, որ զբօսաշրջութիւնը տարբեր երկիրներու մէջ տարբեր ձեւերով կը զարգանայ: «Բայց պէտք է ի նկատի ունենալ, որ զբօսաշրջութիւնը մասսայական շուկայում պահելու դէպքում այդ ոլորտում ներգրաւուած կը լինի բաւականին շատ մարդ, իսկ դա կարող է ազդել երկրի ընդհանուր աշխատանքի արտադրողականութեան վրայ: Մեր նպատակն այն է, որ մենք մեր զբօսաշրջութիւնն աժան հատուածից տեղափոխենք միջին, միջինից բարձր հատուած, որպէսզի ոչ այդքան շատ քանակի մարդ ներգրաւուած ունենալով այդ ոլորտում` ապահովենք անհրաժեշտ տնտեսական եւ ֆինանսական ցուցանիշներ»:
Նախարարը աւելի վաղ յայտնած էր, որ 2022 թուականին Հայաստան այցելած է 1 միլիոն 660 հազար զբօսաշրջիկ: