Լեռնային Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու Հայաստանի վարչապետին յայտարարութիւնը Արցախի նախագահը եւս անընդունելի կը համարէ ու Հայաստանի իշխանութիւններուն կոչ կ’ընէ ձեռնպահ մնալու որեւէ նման գործողութենէ:
Նախօրէի ուշ երեկոյեան հրապարակուած ուղերձին մէջ Արայիկ Յարութիւնեան շեշտած է, որ Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալը Ստեփանակերտի համար կարմիր գիծ է. «Արցախին առնչուող գործողութիւններում ու դիրքորոշումներում Հայաստանի Հանրապետութեան համար գլխաւոր ուղենիշը պէտք է լինի Արցախի ժողովրդի կամարտայայտութիւնը, որն աներկբայ կերպով դրսեւորուել է անկախութեան եւ սահմանադրական հանրաքուէներով` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ողջ հայ ժողովրդի անվերապահ սատարմամբ»:
Արցախի նախագահը իր 20 վայրկեաննոց ուղերձին մէջ դիմեց նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան իշխանութիւններուն ու անձամբ Վլատիմիր Փութինին` կոչ ընելով կատարելու եռակողմ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ բանալու Լաչինի միջանցն ու դադրեցնելու Արցախի` աւելի քան 5 ամիս տեւող շրջափակում. «Անկախ Եռակողմ յայտարարութեան միւս կողմերի գործողութիւններից` Ռուսաստանը ստանձնել է յստակ պարտաւորութիւններ, որոնք լրջագոյն հիմք են եղել պատերազմից յետոյ Արցախի ժողովրդի վերադարձի ապահովման համար: Ուստի, մենք ակնկալում ենք այդ պարտաւորութիւնների անշեղ ու վճռական կատարում` յանուն Արցախի ժողովրդի եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան շահերի, ինչպէս նաեւ հայ ու ռուս ժողովուրդների դարաւոր բարեկամութեան»:
Ստեփանակերտը պատրաստ է միջազգային ձեւաչափով երկխօսութեան, հակամարտութեան կարգաւորման եւ խաղաղութեան համար, սակայն ինքնորոշման իրաւունքի ու տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու հիման վրայ, յայտնեց Յարութիւնեան` դիմելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն. «Մենք որեւէ սպառնալիք չենք ներկայացնում Ատրպէյճանի հանդէպ, սակայն, միւս կողմից, Արցախի ժողովուրդն ունի ինքնապաշտպանութեան իրաւունք, իսկ Արցախի Հանրապետութիւնը` սեփական ժողովրդին պաշտպանելու պարտաւորութիւն: Չնայած Ատրպէյճանից եկող մշտական սպառնալիքներին` վստահ եմ, որ խաղաղ ու արժանապատիւ միջավայրի կերտումը եւ դարաւոր թշնամութեան աւարտը բխում են մեր ժողովուրդների շահերից ու ձգտումներից»:
Արցախի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ ներքաղաքական խնդիրներուն: Նշեց, որ վերջին օրերուն Արցախի մէջ կրկին ներքաղաքական լարուածութիւն առաջացնելու փորձեր եղած են: Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդի նախկին քարտուղար Սամուէլ Բաբայեանը Մայիս 15-ին կազմակերպած հանրահաւաքին պահանջած են զինք պետկն նախարար նշանակել ու 100 օր տալ, որպէսզի «չկորսնցնենք Արցախը»: Այս յայտարարութեան յաջորդած էր Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահին առաջարկը` 1992-ին Արցախի մէջ ստեղծուած Պաշտպանութեան Կոմիտէի օրինակով կառավարման կերպ ձեւաւորել: Արթուր Թովմասեան ըսած էր, որ եթէ այդ տարբերակը չաշխատի, ապա նախագահ Յարութիւնեանը պէտք է հրաժարական տայ:
«Դադարեցնում եմ արտահերթ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւններ կազմակերպելու շուրջ բոլոր տեսակի քննարկումները, ինչպէս նաեւ վերջին օրերին Ազգային Ժողովի նախագահի կողմից առաջարկուած վստահութեան հանրաքուէ կազմակերպելու շուրջ մտքերի փոխանակումները», յայտնած է Արայիկ Յարութիւնեանը:
Ան վերահաստատեց, իր աւելի վաղ արած յայտարարութիւնը, որ պատրաստ է հրաժարական տալու բարենպաստ պայմաններու առկայութեան առաջին իսկ պարագային եւ նախագահական ու խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններ կազմակերպելու, որուն, վստահեցուց, որ ինք պիտի չմասնակցի: