Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՆ Կը Դիտարկէ Հայաստանի եւ Եւրասիոյ Այլ Երկիրներու Մէջ Փոքր Մոտուլային Հիւլէական Շարժիչ Մարտկոցներ Կառուցելու Հնարաւորութիւնը. Մարիա Լոնկի

ԱՄՆ Կը Դիտարկէ Հայաստանի եւ Եւրասիոյ Այլ Երկիրներու Մէջ Փոքր Մոտուլային Հիւլէական Շարժիչ Մարտկոցներ Կառուցելու Հնարաւորութիւնը. Մարիա Լոնկի

by MassisPost

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը դիտարկէ Հայաստանի եւ Եւրասիոյ այլ երկիրներու մէջ փոքր մոտուլային հիւլէական շարժիչ մարտկոցներ կառուցելու հնարաւորութիւնը` ձգտելով ամրապնդելու անոնց ուժանիւթային անկախութիւնը Ռուսիայէն եւ Չինաստանէն: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Եւրոպայի, Եւրասիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ աջակցութեան ծրագիրներու համակարգող Մարիա Լոնկին:

«Շարք մը երկիրներու, այդ շարքին` Հայաստանի մէջ, մենք կը գնահատենք ամերիկեան արհեստագիտութեան կիրառմամբ կառուցուած փոքր մոտուլային հիւլէական շարժիչ մարտկոցներու տեղակայման հնարաւորութիւնը, որոնք կրնան թոյլ տալ աւելի մեծ ուժանիւթային անկախութիւն ձեռք բերել ինչպէս Ռուսիայէն, այնպէս ալ Չինաստանէն», ըսած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment