Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փայլանի Համոզմամբ, Էրտողան Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլին Պիտի Յաղթէ

Փայլանի Համոզմամբ, Էրտողան Ընտրութիւններու Երկրորդ Փուլին Պիտի Յաղթէ

by MassisPost

Թուրքիոյ նախկին խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի համոզմամբ, Թուրքիոյ գործող նախագահ Ռեճեպ Էրտողան Մայիս 28-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններու երկրորդ փուլին պիտի յաղթէ:

Սա լաւ լուր չէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման տեսանկիւնէն, «Ազատութեան» հետ զրոյցին ըսաւ Փայլան:

«Ազատութիւն»․ – Առաջին փուլէն յետոյ ինչպէ՞ս կը գնահատէք ընդդիմութեան յաղթանակի հնարաւորութիւնը` երկրորդ փուլին նախագահի թեկնածուին յաղթելու հնարաւորութիւնը:

Փայլան․- Առաջին փուլին, դժբախտաբար, Էրտողանը քուէներուն 49 տոկոսը ստացաւ, Քըլըչտարօղլուն 45 տոկոսը ստացաւ: Այսօրուան դրութեամբ Էրտողանը աւելի շատ հաւանականութիւն ունի երկրորդ փուլը յաղթելու, եւ երկրորդ` Էրտողանը շահեցաւ խորհրդարանին մեծամասնութիւնը, անոր համար ալ մեծ հաւանականութիւն ունի: Մեզի համար, դժբախտաբար, կը կարծեմ, Էրտողանը անշուշտ երկրորդ փուլը պիտի շահի:

«Ազատութիւն»․- Այդ ինչպէ՞ս պիտի ազդէ հայ-թրքական կարգաւորման գործընթացին վրայ:

Փայլան․- Դժբախտաբար, հիմա աւելի ազգայնական խորհրդարան պիտի ըլլայ եւ շատ աւելի ազգայնական իշխանութիւն պիիտի ըլլայ, սա լաւ լուր չէ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն համար: Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները հիմա ազգայնականութեան խօսակցութեան շուրջ են, սա լաւ լուր չէ` աւելի ազգայնական խորհրդարան, աւելի ազգայնական իշխանութիւն: Ես յոյս ունէի, որ հայ-թրքական սահմանը կրնայ բացուիլ գալիք ամիսներուն կամ շաբաթներուն ընթացքին, բայց անոնք նոյնիսկ օդանաւերու ճանապարհը փակեցին, հիմա դժբախտաբար այդ յոյսը չունիմ, բայց խաղաղութեան պայքարը ես պէտք է շարունակեմ Թուրքիոյ մէջ, որպէսզի համոզենք Էրտողանի իշխանութիւնն ու խորհրդարանը:

«Ազատութիւն»․- Դուք կը կարծէք, որ «Նեմեսիս» յուշարձանի տեղադրումը պատրուա՞կ էր Թուրքիոյ համար՝ փակելու օդային ճանապարհը:

Փայլան․- Եթէ դուն պատրուակ փնտռես, կը գտնես: Դժբախտաբար, ազգայնականները այդպէս են` հազար հատ լաւ բան կ’ընես, անոնք չեն տեսներ, մէկ հատ քիչ մը վատ բան ընես, այդ կը տեսնեն, բայց խաղաղութիւն պահանջողներն ալ վատ բաները պիտի չտեսնեն, լաւ բաները պիտի տեսնեն: Էրտողանը եւ իր արտաքին գործերու նախարար Չաւուշօղլուն, մենակ կարծեմ Ատրպէյճանը պահանջեց, որ վերջանայ այս լաւ շրջանը` հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին, այն ալ այս ընտրութիւններէն առաջ: Մենք Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւնները լաւացնելու համար այս պայքարը պէտք է շարունակենք, բայց աւելի դժուար պիտի ըլլայ:

«Ազատութիւն»․- Պարոն Փայլան, դուք այլեւս նոր խորհրդարանին մէջ պիտի չըլլաք, դուք պատգամաւոր չէք, ինչո՞վ մտադիր էք զբաղիլ:

Փայլան․- Ես աքթիւիսթ եմ մարդու իրաւունքներու հարցերով, եւ հիմա, եթէ ազատ ըլլամ, այս պայքարը պիտի շարունակեմ: Հիմա ամէն ինչ աւելի դժուար պէտք է ըլլայ` Հայոց Ցեղասպանութեան մասին խօսիլն ալ, հայերուն պահանջներուն մասին խօսին ալ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու մասին խօսիլն ալ: Մեզի համար ամէն ինչ աւելի դժուար պիտի ըլլայ, բայց պայքարը պէտք է շարունակենք, եթէ պայքարը շարունակենք, յոյս կայ:

«Ազատութիւն»․- Դուք ձեր անվտանգութեան համար մտավախութիւն ունի՞ք, կը կորսնցնէք պատգամաւորի կարգավիճակը:

Փայլան․- Անշուշտ, ինծի համար ալ մտահոգ եմ, բայց ես անոր իրաւունքը չունիմ, ես Թուրքիոյ հայերուն համար, Թուրքիոյ հայ ժողովուրդին համար մտահոգ եմ, այդ տեսակ ազգայնական շրջանի մէջ ամէն ինչ աւելի դժուար պիտի ըլլայ, յատկապէս անոնց համար, որոնք կը հաւատան ժողովրդավարութեան, ինծի համար ալ ամէն ինչ աւելի դժուար պիտի ըլլայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment