Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաքու Կը Քննադատէ Հայաստանի Մէջ Եւրոմիութեան Ներկայացուցիչը

Պաքու Կը Քննադատէ Հայաստանի Մէջ Եւրոմիութեան Ներկայացուցիչը

by MassisPost

Պաքու անընդունելի կը համարէ Եւրոմիութեան դեսպանին միջամտութիւնը Ատրպէյճանի ներքին գործերուն: Այդ մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Այխան Հաճիզատէն:

Ան նշած է, որ Հայաստանի մէջ Եւրոմիութեան ներկայացուցիչ Անտրէա Վիքթորինը` յղում ընելով Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէին, Մայիս 15-ին յայտարարած է, որ «անհրաժեշտ է ապահովել Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքները եւ անվտանգութիւնը, եւ անոր համար պէտք է ստեղծել միջազգային մեխանիզմ»:

Հաճիզատէն այդ առնչութեամբ ըսած է, թէ Ատրպէյէճանի դիրքորոշումը այդ հարցով բոլորին յայտնի է:

«Եւրոմիութեան ներկայացուցիչին այդ պնդումները միջամտութիւն են Ատրպէյճանի ներքին գործերուն, կը հակասեն միջազգային իրաւունքին եւ անընդունելի են: Ղարաբաղի շրջանը կը հանդիսանայ ինքնիշան Ատրպէյճանի անբաժան մաս: Ինչպէս Ատրպէյճանի մէջ բնակող միւս ազգային փոքրամասնութիւնները, Ղարաբաղի հայերուն իրաւունքներն ալ պիտի ապահովուին մեր երկրի օրէնսդրութեան շրջանակներուն մէջ», ըսած է Հաճիզատէն:

Անոր պնդմամբ, ոչ ոք պէտք է խոչընդոտէ հայ բնակիչներուն հետ երկխօսութիւն հաստատելու իշխանութեան փորձերը:

«Պէտք է վերջ տալ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ յայտարարութիւններուն», ըսած է Ատրպէյճանի արտաքին գերատեսչութեան խօսնակը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment