Հակափտածութեան դատարանին մէջ կայացաւ ՀՀ նախկին գլխաւոր դատախազ Գէորգ Կոստանեանի ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործով դատական նիստը:
Դատախազութիւնը նախկին պաշտօնեայէն եւ անոր հետ փոխկապակցուած անձերէն կը պահանջէ բռնագանձել աւելի քան 900 հազար տոլար արժողութեամբ` Երեւանի, Ծաղկաձորի եւ Ջրվէժի անոր տուները, ինչպէս նաեւ աւելի քան 1 միլիոն տոլար:
Դատական նիստի ընթացքին մեղադրող կողմը ներկայացուց հայցի հիմքի եւ առարկայի փոփոխութեան թոյլտուութեան միջնորդութիւն, որու բաւարարման դէմ պատասխանող կողմը առարկած է: Կոստանեանի պաշտպաններուն կարծիքով` դատախազութիւնը նման միջնորդութիւն ներկայացնել չի կրնար, քանի որ այն չի բխիր «ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման» մասին օրէնքի 18-րդ եւ 20-րդ յօդուածի կարգաւորումներէն:
Այսպիսով պատասխանող կողմի ներկայացուցիչ Վարազդատ Ասատրեանը դատարանէն խնդրեց չբաւարարել հայցուոր կողմին միջնորդութիւնը:
Դատարանը պիտի բաւարարէ՞, թէ՞ մերժէ դատախազութեան միջնորդութիւնը` յայտնի պիտի ըլլայ յաջորդ դատական նիստի ժամանակ, որ նշանակուեցաւ Յունիս 5-ին ժամը 15:00-ին:
Յիշեցնենք, որ Գէորգ Կոստանեանը որպէս մեղադրեալ ներգրաւուած է Մարտ 1-ի գործով: Վերջինիս կը վերագրուի Քրէական օրէնսգիրքի քանի մը յօդուածներով նախատեսուած արարք:
Կոստանեանի նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է կալանաւորումը, սակայն վերջինս կը բացակայի երկրէն: