Ամերիկայի Առեւտուրի Պալատը Հայաստանի մէջ (ԱԱՊՀ) Մարտ 23-ին կայացուցած է իր տարեկան ընդհանուր ժողովը, որուն մասնակցած է նաեւ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահան Քերոբեանը:
Ժողովի ընթացքին ներկայացուած են ԱԱՊՀ նախորդ երկու տարիներու գործունէութեան արդիւնքները, առաջնահերթութիւններն ու ծրագիրները:
Վահան Քերոբեանը իր խօսքին մէջ ընդգծած է ԱԱՊՀ-ի ու մասնակից ընկերութիւններու առաքելութեան կարեւորութիւնը, որոնք իրենց աշխատանքով նոր չափանիշեր կը հաղորդեն Հայաստանի առեւտրային մշակոյթին:
Նախարարը նաեւ ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան ոլորտին մէջ վերջին շրջանին արձանագրուող տնտեսական բարձր ցուցանիշերը եւ նշած է, որ 2022 թուականին տնտեսութեան բարձր` 12,6% աճի ապահովման մեծապէս նպաստած են կառավարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները, այդ շարքին` տնտեսութեան արդիականացման միջոցառումը:
Աւելի կարեւոր նոր նախաձեռնութիւններու շարքին նախարարը մատնանշած է կառավարութեան նիստին ընթացքին հաստատուած ՀՀ սննդամթերքի անվտանգութեան համակարգի զարգացման ռազմավարութիւնը: