Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Եւրոմիութիւնը 2022-ին Մօտ 15,6 Միլիառ Եւրոյի Կազ Գնած Է Ատրպէյճանէն

Եւրոմիութիւնը 2022-ին Մօտ 15,6 Միլիառ Եւրոյի Կազ Գնած Է Ատրպէյճանէն

by MassisPost

Եւրոպական Միութեան երեք երկիրներ` Իտալիան, Յունաստանը եւ Պուլկարիան, 2022 թուականին Ատրպէյճանէն ստացուող բնական կազի համար ընդհանուր հաշիւով վճարած են աւելի քան 15 միլիառ 598 միլիոն եւրօ:

2021 թուականին այդ նպատակով վճարուած է 3 միլիառ 892 միլիոն եւրօ, հետեւաբար, անցեալ տարուան մէջ Եւրոպային բնական կազի վաճառքէն Ատրպէյճանի ստացած եկամուտը քառապատկուած է:

Ատրպէյճանը 2022 թուականին 18 տոկոսով աւելացուցած է կազի արտահանումը եւ այն հասցուցած է 22 միլիառ 300 միլիոն խորանարդ մեթրի: Այդ ծաւալէն 11 միլիառ 400 միլիոն խորանարդ մեթր կազը ուղարկուած է եւրոպացի սպառողներուն:

2023 թուականի ընթացքին Ատրպէյճանը մտադիր է արտահանել աւելի քան 24 միլիառ խորանարդ մեթր կազ, անկէ 12 միլիառ խորանարդ մեթրը պիտի փոխադրուի Եւրոպա:

Այսօրուան դրութեամբ ատրպէյճանական կազ կը ներկրեն Իտալիան, Յունաստանը, Պուլկարիան եւ Ռումանիան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment