Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ցաւալի Է Որ Տիկին Զախարովան Չ’անդրադառնար Ատրպէյճանի Արձագանգին. Ալէն Սիմոնեան

Ցաւալի Է Որ Տիկին Զախարովան Չ’անդրադառնար Ատրպէյճանի Արձագանգին. Ալէն Սիմոնեան

by MassisPost

ՀՀ ԱԺ նախագահը Ազգային Ժողովին մէջ  լրագրողներու հետ զրոյցին, անդրադառնալով Ռուսիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան խօսնակ Մարիա Զախարովայի յայտարարութեան, թէ ՀՀ իշխանութիւններու խիղճին կը թողեն ԼՂ ճակատագիրը երրորդ երկիրներու պատասխանատուութեան թողելու փորձերը, նշեց. «Ռուսական առաջարկները, որ մինչ օրս եղել են, մեր կողմից ընդունուել են, եւ խնդիրը եղել է ատրպէյճանական կողմի անհամաձայնութեան մէջ: Կարծում եմ` ՌԴ ԱԳՆ-ն պէտք է աւելի ուշադիր լինի ատրպէյճանական կողմի արձագանգին, որովհետեւ ՀՀ-ն մշտապէս` 99% դէպքերում, ռուսական առաջարկներին իր համաձայնութիւնը տուել է: Ցաւալի է, որ տիկին Զախարովան չի անդրադառնում Ատրպէյճանի արձագանգին»:

ԱԺ նախագահը նաեւ նշեց, որ Ռուսիան ինք ստորագրած է այդ փաստաթուղթը (Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու- Խմբ.) եւ ստանձնած է այդ պարտաւորութիւնները: Ալէն Սիմոնեանը յիշեցուց նաեւ, որ Ատրպէյճանը մինչեւ հիմա չէ հաստատած ռուս խաղաղապահներուն մանտաթը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment