Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱԳՆ-ն Կ’աշխատի Ատրպէյճանի Կողմէ Լահէյի Դատարանին Որոշումը Չկատարելու Հարցը ՄԱԿ-Ի ԱԽ-ին Մէջ Բարձրացնելու Ուղղութեամբ

ԱԳՆ-ն Կ’աշխատի Ատրպէյճանի Կողմէ Լահէյի Դատարանին Որոշումը Չկատարելու Հարցը ՄԱԿ-Ի ԱԽ-ին Մէջ Բարձրացնելու Ուղղութեամբ

by MassisPost

Լաչինի միջանցքը արգելափակելու վերաբերեալ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին որոշումը Ատրպէյճանի կողմէ չկատարելու հարցը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդին մէջ բարձրացնելու առնուազն 2 տրամաբանութիւն կայ, եւ Հայաստանի Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը կ’աշխատի այդ ուղղութեամբ: Այս մասին յայտնեց Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեանը ԱԺ Պետաիրաւական Հարցերու Մշտական Յանձնաժողովի նիստին` անդրադառնալով «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանի հարցին:

«Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանը հետաքրքրուեցաւ, թէ արդեօք հնարաւոր կը համարէ՞, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը, դիտարկելով Լահէյի դատարանին որոշումը, որպէս պարտադիր կատարման ենթակայ վճիռ, կիրառէ ՄԱԿ կանոնադրութեան 7-րդ գլուխով սահմանուած պատժամիջոցները, հարկադրանքի միջոցները կամ առնուազն սկսի այդ ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկել, եւ, թէ արդեօք Հայաստանը այդ ուղղութեամբ քայլերու կը ձեռնարկէ՞:

Կիրակոսեանը վերահաստատեց, որ Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման վերաբերեալ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի որոշումը իրաւաբանօրէն պարտադիր ուժ ունի` համաձայն ՄԱԿ-ի եւ դատարանի կանոնադրութեան․ այն Ատրպէյճանի կողմէ ենթակայ է պարտադիր կատարման: «Մենք, ցաւօք, առերեսւում ենք իրականութեան հետ, որ Ատրպէյճանն առհասարակ անտեսում է որոշումը, ոչ միայն անտեսում է, այլ ամենաբարձր պաշտօնական մակարդակից մինչեւ ցած պաշտօնական մակարդակներում փորձում է նաեւ աղաւաղել որոշման բովանդակութիւնը: Դա նաեւ վերջերս արտայայտուել էր Ատրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարի նամակում, որն ուղղուած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին, որին, ի պատասխան, նամակ ներկայացուել է նաեւ մեր նախարարի կողմից», ըսաւ Կիրակոսեան:

Ան ընդգծեց, որ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 94-րդ յօդուածը որոշակի նեղ ձեւակերպում կու տայ, կը վերաբերի վճիռներուն: Բայց յօդուածի կիրառման հոլովոյթը քիչ մը աւելի լայն է: Եւ եղած են փորձեր` դատարանի միջանկեալ որոշումները կամ ժամանակաւոր միջոց կիրառելու որոշումները ներկայացնել Անվտանգութեան Խորհուրդ: Ցաւօք, այդ դէպքերը շատ յաջողութեամբ չեն պսակուած: Դէպքերը վերաբերած են մշտական անդամին: Եւ մշտական անդամը, որպէս կանոն, կիրառած է վեթոյի իրաւասութիւնը, եւ ԱԽ-ի մէջ հարցը վերջնական քննարկման չէ արժանացած:

«Սակայն մեր պարագայում, կարծում եմ, անհրաժեշտ է այդ ուղղութեամբ աշխատել: Ես գիտեմ,որ ԱԳ նախարարութեան գործընկերներն արդէն աշխատում են այդ ուղղութեամբ: Շատ կարեւոր է, որ Անվտանգութեան Խորհրդում հարցը բերուի օրակարգ: Եւ պէտք է հնարաւորինս օգտագործելով բոլոր դիւանագիտական խողովակները` այդ ուղղութեամբ աշխատանք տարուի հարցի բարենպաստ քննարկում ապահովելու համար», ըսաւ Միջազգային իրաւական հարցերով ՀՀ ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment