Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարին Հետ

Վարչապետ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է ԱՄՆ Պետական Քարտուղարին Հետ

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին վերաբերող հարցեր:

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Էնթընի Պլինքընը միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման հեռանկարներու շուրջ: ԱՄՆ պետական քարտուղարը վերահաստատած է Լաչինի միջանցքը անյապաղ վերաբանալու մասին իր կոչը եւ ընդգծած, որ ԱՄՆ-ն պատրաստակամ է շարունակելու աջակցութիւնը վերոնշեալ գործընթացներուն:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին վարչապետ Փաշինեան մտահոգութիւն յայտնած է վերջին շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ աճող յարձակողական հռետորաբանութեան առնչութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment