Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արեւմուտքը Կը Փորձէ Գժտեցնել Ռուսիան Եւ Հայաստանը․ Լաւրով

Արեւմուտքը Կը Փորձէ Գժտեցնել Ռուսիան Եւ Հայաստանը․ Լաւրով

by MassisPost

Արեւմուտքը կը փորձէ գժտեցնել Ռուսիան եւ Հայաստանը, այս մասին ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրոզեանի հետ հրաւիրած համատեղ ասուլիսին ըսաւ Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովը:

«Մենք Արեւմտեան երկիրներու կողմէ կը տեսնենք անթաքոյց փորձեր` գժտեցնել Ռուսիան ու Հայաստանը, եկէք իրերը իրենց անունով կոչենք, խարխլել տարածաշրջանային անվտանգութեան ճարտարապետութիւնը` ելլելով ոչ թէ տարածաշրջանի երկիրներու, այլ սեփական աշխարհաքաղաքական շահերէն: Ես կը կարծեմ, որ նմանօրինակ փորձերը դատապարտուած են ձախողման: Մենք մանրամասն քննարկած ենք Լաչինի միջանցքին շուրջ եւ ընդհանուր Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակի կարգաւորման ուղիները: Ընդգծած ենք բանակցային գործընթացի շուտափոյթ վերսկսման կարեւորութիւնը` Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութեան բոլոր ուղղութիւններով», ըսաւ Լաւրով:

Խօսելով տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման մասին` ան ըսաւ, որ յոյս ունին, որ յառաջիկային փոխվարչապետերի գլխաւորութեամբ գործող եռակողմ աշխատանքային խումբը կը կարողանայ ձեռք բերել կոնկրէտ պայմանաւորուածութիւններ:

«մենք հանդէս ենք գալիս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովի աշխատանքներու աշխուժացման օգտին` Ռուսիոյ աջակցութեամբ` համաձայն մեր ղեկավարներու պայմանաւորուածութեան: Ռուսիոյ կողմէ պատրաստակամութիւն կայ հետագային եւս նպաստել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման», յաւելեց Լաւրով:

Հայաստանի մէջ չկայ նպատակաուղղուած հակառուսական արշաւ, Լաւրովի հետ հրաւիրած համատեղ ասուլիսին ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը: «Դրա ապացոյցն այն է, որ տասնեակ հազարաւոր ռուսաստանցիներ ազատ, խաղաղ ու բաւական յարմարաւէտ ապրում են Հայաստանի տարածքում, զբաղւում են իրենց աշխատանքով ու առեւտուրով, եւ ոչ մի բողոք չի ստացուել: Հայաստանի Սահմանադրութիւնն ու օրէնսդրութիւնը երաշխաւորում են հաւաքների անցկացման ազատութիւնը: Եւ դա վաղուց նորութիւն չէ: Հայաստանում, Երեւանում շատ յաճախ տեղի են ունենում բողոքներ նաեւ Հայաստանի իշխանութիւնների դէմ», ըսաւՄիրզոյեանը:

ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան տեղակայման մասին հարցին: Ան միաժամանակ յայտնեց, որ Հայաստանը չէ մերժած ՀԱՊԿ դիտորդներու տեղակայման առաջարկը:

«Հայաստանի ու Եւրոպայի յարաբերութիւնները կառուցողական են: Ինչ վերաբերում է ԵՄ դիտորդական առաքելութեանը, ապա այդ առաքելութեան մանտաթը շատ յստակ է, տեղեկութիւնը հրապարակային է` դա քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւն է: Կրկնում եմ, առաքելութիւնը կրում է բացառապէս քաղաքացիական բնոյթ», ըսաւ Միրզոյեան:

Անդրադառնալով հարցին, թէ ինչո՞ւ Հայաստանը մերժեց ՀԱՊԿ դիտորդները` Արարատ Միրզոյեան պատասխանեց, որ հարցումը ճիշդ չէ, քանի որ Հայաստանը երբեք չէ հրաժարած այդպիսի առաքելութենէն: «Աւելին, այդ որոշման նախագիծը սեղանին է, դրա շուրջ աշխատանքը շարունակւում է: Այստեղ առանցքային է այն, որ մեր ընկալմամբ ու զգացողութեամբ ՀԱՊԿ-ն ինքը յստակ չի ճանաչել ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտին: Մեր տեսակէտից դա մի փոքր խնդրահարոյց է, բայց կրկնում եմ` որոշման նախագիծը սեղանին է, աշխատանքները շարունակւում են», յաւելեց Միրզոյեան:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment