Պաշտօնական Պաքուն կրկին կը յայտարարէ, թէ Լաչինի միջանցքին մէջ անհրաժեշտ է վերահսկողութեան կարգ ապահովել, ինչպէս նաեւ կը սպառնայ «ձեռնարկել վճռական, անհրաժեշտ միջոցներ` զինաթափելու եւ չէզոքացնելու անօրինական զինուած կազմաւորումները»:
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտարարութեամբ հանդէս եկած է` պնդելով, որ Հայաստանը կը շարունակէ ռազմական փոխադրումները Արցախ: «Եւս մէկ անգամ կը զգուշացնենք, որ Հայաստանի կողմէ ռազմական բեռերու փոխադրումը Ատրպէյճանի տարածք, Հայաստանի զինուած ուժերու անձնակազմի ուղարկումu պէտք է անյապաղ, մէկընդմիշտ դադրեցուի, հայկական զօրքերը պէտք է ամբողջութեամբ դուրս բերուին մեր երկրի տարածքէն: Հակառակ պարագային ատրպէյճանական կողմը հարկադրուած պիտի ըլլայ, օգտագործելով բոլոր հնարաւորութիւնները, ձեռնարկելու վճռական, անհրաժեշտ միջոցներու` զինաթափելու եւ չէզոքացնելու անօրինական զինուած կազմաւորումները: Հայաստանի նման գործողութիւնները կը դիտուին որպէս ռազմական գործողութեան շարունակութիւն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
Արցախը Հայաստանին եւ աշխարհին կապող միակ ճանապարհը` Լաչինի միջանցքը, իրենց բնապահպան աքթիւիսթներ անուանող խումբ մը ատրպէյճանցիներու կողմէ արգելափակուած է արդէն մօտ երեք ամիսէ:
Հայաստանը բարձրագոյն մակարդակով քանիցս յայտարարած է, որ Արցախէն դուրս բերած է իր բոլոր զինուորները, նաեւ առաջարկած է այդ փաստը ստուգելու համար միջազգային առաքելութիւն գործուղել տարածաշրջան:
Պաքուն նաեւ կը մեղադրէ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Մարտ 5-ի զինուած միջադէպին «փաստերը խեղաթիւրելու, իրականութեան չհամապատասխանող տեղեկութիւններ տարածելու մէջ». Ռուսիոյ ռազմական գերատեսչութիւնը երէկ հաստատած է, որ Կիրակի առաւօտեան Արցախի մէջ տեղի ունեցած միջադէպի ընթացքին առաջինը հրազէն կիրառած է ատրպէյճանական կողմը: Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան պնդմամբ, մինչդեռ, առաջինը հայկական կողմը կրակած է «տեղեկատուութեան հիման վրայ ստուգում իրականացնելու համար» ինքնաշարժին մօտեցած ատրպէյճանցի զինուորներուն վրայ:
Կիրակի առաւօտեան Ստեփանակերտը հաղորդեց, որ Արցախի մէջ ոստիկանական ինքնաշարժին վրայ ատրպէյճանցիներու զինուած յարձակման հետեւանքով հայկական կողմէ զոհուած է երեք, վիրաւորուած` մէկ սպայ: Հայկական կողմի պատասխան գործողութիւններուն հետեւանքով ատրպէյճանական կողմէ զոհուած է երկու, վիրաւորուած` առնուազն մէկ զինուոր: Արցախի տեղեկատուական շտաբը հրապարակած է միջադէպին տեսանիւթը, չնայած անոր` Պաքուն սեփական վարկածը կը պնդէ: