Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախցի Ոստիկաններու Սպանութենէն Յետոյ Աւելի Մեծ Անհրաժեշտութիւն Կ’առաջանայ Պատժամիջոցներ Սահմանելու Ատրպէյճանի Դէմ. Ատամ Շիֆ

Արցախցի Ոստիկաններու Սպանութենէն Յետոյ Աւելի Մեծ Անհրաժեշտութիւն Կ’առաջանայ Պատժամիջոցներ Սահմանելու Ատրպէյճանի Դէմ. Ատամ Շիֆ

by MassisPost

ԱՄՆ գոնկրէսական Ատամ Շիֆ անդրադարձած է Մարտ 5-ին Արցախի մէջ ատրպէյճանական գործողութեան: Իր յայտարարութեան մէջ Շիֆ նշած է, որ ատրպէյճանական ուժերու յարձակումը, որուն հետեւանքով զոհուած է արցախցի 3 ոստիկան, կանխամտածուած սպանութեան եւս մէկ արարք է եւ կը յանգեցնէ Ատրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներ սահմանելու անհրաժեշտութեան` մարդու իրաւունքներու եւ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքու խախտումներուն համար:

«Սա հերթական բռնութիւնն է, որ տեղի ունեցած է Լաչինի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով յառաջացած եւ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամի ընթացքին, որուն պատճառով  120.000 մարդ յայտնուած է սարսափելի պայմաններու մէջ: ԱՄՆ պէտք է դատապարտէ Ատրպէյճանի յարձակումները Արցախի վրայ եւ պատասխանատուութեան ենթարկէ Ալիեւի վարչակարգը», յիշեցուցած է գոնկրէսականը:

Ան ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան եւ Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած է օգտագործելու բոլոր հասանելի դիւանագիտական խողովակները` տարածաշրջանին մէջ աճող անկայունութեան խնդիրը լուծելու եւ Արցախի անվտանգութեան ու ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանք ապահովելու համար:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment