Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Ընդդիմութիւնը Հրապարակեց Իր Միասնական Թեկնածուին Անունը

Թրքական Ընդդիմութիւնը Հրապարակեց Իր Միասնական Թեկնածուին Անունը

by MassisPost

Մայիս 14-ի ընտրութիւններուն մէջ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի գլխաւոր մրցակիցին անունը հրապարակուեցաւ Երկուշաբթի ուշ երեկոյեան` ընդդիմադիր դաշինքի մէջ մտնող վեց կուսակցութիւններու առաջնորդներուն քանի մը ժամ շարունակուած դռնփակ հանդիպումէն յետոյ:

«Մեր քննարկումէն յետոյ ես իմ պարտքը կը համարեմ տեղեկացնել ձեզ, որ նախագահի մեր թեկնածուն Քեմալ Քըլըճտարօղլուն է», տանտիրոջ իրաւունքով յայտարարեց ընդդիմութեան ղեկավարներուն հանդիպումը հիւրընկալած ուժի` ոչ մեծ իսլամիստական «Սաատեթ» (Երջանկութեան) կուսակցութեան առաջնորդ Թեմել Քարամօլլաօղլուն:

Գլխաւոր սադրանքը, սակայն, ոչ այնքան ընդդիմութեան միասնական թեկնածուին անձն էր (Քըլըճտարօղլուի առաջադրման անխուսափելիութեան մասին կը խօսէին դեռ շաբաթներ առաջ), որքան դաշինքին մէջ ընդգրկուած մեծութեամբ երկրորդ ուժի` «Լաւ» կուսակցութեան առաջնորդ Մերալ Աքշեների պահուածքը: Անցեալ շաբաթավերջին Աքշեները մեծ աղմուկով լքած էր ընդդիմադիր «վեցի ձեւաչափը»` պնդելով, որ Էրտողանի դէմ յառաջիկայ ընտրութիւններուն պէտք է պայքարին կա՛մ Սթամպուլի ընդդիմադիր քաղաքապետ Էքրեմ Իմամօղլուն, կա՛մ ալ անոր կուսակից, նոյնպէս ժողովրդահանրապետական, Անգարայի քաղաքապետ Մանսուր Եաւաշը:

Երկուքն ալ, ըստ Աքշեների, շատ աւելի մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն թուրք հանրութեան շրջանակին մէջ, քան Քեմալ Քըլըճտարօղլուն: Այդ, ի դէպ, կը հաստատեն նաեւ վերջին մէկ տարուան ընթացքին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած գրեթէ բոլոր ընկերային հարցումները:

Նախօրէին, սակայն, երկու ընդդիմադիր քաղաքապետերը այցելեցին «Լաւ» կուսակցութեան գրասենեակ` խնդրելով Աքշեներէն վերանայիլ իր դիրքորոշումը: Քանի մը ժամ շարունակուած բանակցութիւններէն յետոյ կողմերը ի վերջոյ եկան հետեւեալ փոխզիջումային լուծման: Մերալ Աքշեներ իր կուսակիցներուն հետ միասին կը վերադառնայ ընդդիմադիր դաշինք, իսկ Քըլըճտարօղլուն կը պարտաւորուի ընտրութիւններուն յաղթելու պարագային Սթամպուլի եւ Անգարայի քաղաքապետերը նշանակել փոխնախագահի պաշտօններուն: Փոխնախագահի պաշտօններ խոստացուած են նաեւ ընդդիմադիր դաշինքին մաս կազմող բոլոր կուսակցութիւններու առաջնորդներուն: Այլ հարց է, սակայն, որ այդ պաշտօնները ընդդիմութեան յաղթանակէն շատ չանցած կրնան զուտ խորհրդանշական բնոյթ ստանալ: Ընդդիմութեան նախընտրական ծրագրի առանցքային կէտը անցումն է կառավարման նախագահական համակարգէն խորհրդարանականին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment