Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Եւրոպայի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մշտական խորհրդաժողովի երրորդ համագումարը Վիեննայի մէջ

Եւրոպայի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մշտական խորհրդաժողովի երրորդ համագումարը Վիեննայի մէջ

by MassisPost

2023 թուականի Փետրուար 22-էն 24 Աւստրիոյ մայրաքաղաք Վիեննայի Սուրբ Հռիփսիմէ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու երրորդ համագումարը։ Կեդրոնական Եւրոպայի եւ Սկանտինավիոյ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հայրապետական Պատուիրակ Գերաշնորհ Տ․ Տիրան Եպիսկոպոս Պետրոսեանի հիւրընկալութեամբ համագումարը կը վարէր Գերաշնորհ Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Հայ Առաքելական, Ղպտի Ուղղափառ եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։

Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքը, որ իր արմատներով կառչած է առաքելական աւանդութեան, կը վկայէ քրիստոնէական մշակոյթի, պատմութեան հարուստ ժառանգութեան մասին իր հայրենի Հայաստանի, հիւսիսային Ափրիկէի, Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հնդկաստանի երկիրներու մէջ։ Արեւելեան ուղղափառ քրիստոնեաները ողջ աշխարհի մէջ կը կազմեն շուրջ 60 միլիոն։ Մեծ մասը կ՛ապրի Հայաստանի, Եգիպտոսի, Էրիթերիոյ, Եթովպիոյ, Հնդկաստանի, Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ՝ Եւրոպայի եւ այլ մայրցամաքներու մէջ։    

Եւրոպայի Արեւելեան Ուղղափառ բարձրաստիճան եկեղեցականներու  առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Գերմանիոյ Ուարպուրկ քաղաքի Ասորի ուղղափառ վանքին մէջ, 2019 թուականի Հոկտեմբերի 4-ին:

Հանդիպումի ընթացքին պայմանաւորուած են համախմբել Եւրոպայի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու առաջնորդները եւ ստեղծել մշտական խորհրդաժողով,  որ պիտի ծառայէր Եւրոպայի մէջ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու համատեղ գործելու, բարօրութիւնը խթանելու եւ ապահոելու աշխատանքին։

Երկրորդ հանդիպումը տեղի ունեցած է 2022 թուականի Մայիս 5-ին Գերմանիոյ Հոքթեր-Պրենհաուզէն գիւղաքաղաքի Ղպտի ուղղափառ վանքին մէջ:

Երկրորդ հանդիպումի ընթացքին կատարուած քննարկումները յանգեցուցած են հետեւեալ /սկզբնական-նախնական/ առաջադրանքներու յայտարարութեան․

ա. Եւրոպայի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մշտական համաժողովը/ խորհրդաժողովը/ Հայ Առաքելական, Ղպտի Ուղղափառ, Էրիթերիոյ Ուղղափառ, Եթովպիոյ Ուղղափառ եւ Ասորական Ուղղափառ Եկեղեցիներու առաջնորդներու  ընկերակցութիւն է:

բ. Մշտական համաժողովի /խորհրդաժողովի/ առաքելութիւնը, որպէս առաքելական եկեղեցիներու ընկերակցութիւն, մեր Տէր եւ Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը վկայակոչելն է՝ հաստատելով ուղղափառ քրիստոնէական հաւատքի միասնութիւնը եւ ցոյց տալով անոնց հաւաքական համերաշխութիւնը:

գ. Մշտական Համաժողովը /խորհրդաժողովը/ անդամ եկեղեցիներու հաւատացեալներուն կրթական «ֆորում»-ներու եւ հնարաւորութիւններու միջոցով հնարաւորութիւն կը ստեղծէ՝ բացայայտելու անոնց հաւատքի եւ աւանդոյթի ընդհանուր, միաւորող յատկանիշները։

դ. Մշտական Համաժողովը /խորհրդաժողովը/, քոյր եկեղեցիներու եկեղեցապետերու ղեկավարներու հաւանութեամբ եւ առաջնորդութեամբ, կը ծաւալի միջդաւանական համագործոկցութիւն քրիստոնէական այլ համայնքներու հետ՝ հովուական եւ ընկերային հարցերու շուրջ:

ե․Մշտական Համաժողովը /խորհրդաժողովը/ համընդհանուր հարցերու շուրջ հասարակութեան համար միջկրօնական երկխօսութիւն կը նախաձեռնէ՝ յանուն կեանքի եւ խաղաղութեան հաստատման։

զ․ Մշտական Համաժողովը /խորհրդաժողովը/ պէտք է կապ հաստատէ եւ յարաբերութիւններ պահպանէ Եւրամիութեան հետ։

Միաձայն կ՛ընտրուի Գործադիր կոմիտէն հետեւեալ կազմով.

Նախագահ՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայ Եկեղեցւոյ Հայրապետական Պատուիրակ Տ․Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան․

Փոխնախագահ՝ հիւսիսային Գերմանիոյ Ղպտի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդ Անպա Տամիան․

Քարտուղար՝ Անտիոքի Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Նիտեռլանտներու առաջնորդ, Արքեպիսկոպոս Պոլիկարպուս  Աուգին Այտին։

Եւրոմիութեան երկիրներու մէջ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու գործառոյթներն ու առաջադրանքները սահմանելու եւ իրականացնելու նպատակով՝  որոշուած է սահմանադրութեան նախագիծ մշակել յաջորդ համագումար ընթացքին:

Երրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ Վիեննա՝ բարեկամական եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Ան կը սկսի Վիեննայի Սբ․ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ Հայ Եկեղեցւոյ առաւօտեան ժամերգութեամբ, ուր ընդգրկուած էին եւս ղպտի եւ ասորի եկեղեցիներու աղօթքներ։ Գերաշնորհ Տ․ Տիրան Պետրոսեան ողջունեց ներկաները եւ աղօթեց համաժողովի յաջողութեան համար։

Համաժողովի աշխատանքային նիստը սկսաւ Գերաշնորհ Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի ողջոյնի խօսքով։ Սրբազանը ներկայացուց օրակարգը, որու հիմնական կէտերն էին․ սահմանադրութեան նախագիծի ուսումնասիրութիւն, Պրօ Օրիենտէի հիմնադրամին այցելութիւն, Վիեննայի Սուրբ Ստեփանոս մայր եկեղեցւոյ այցելութիւն եւ հանդիպում քաղաքի առաջնորդ, Կարտինալ Քրիստոֆ Շէոնբորնի հետ։ Նախագահը կարեւորեց Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու միասնական աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը։ Սրբազանը, ընդգծեց եկեղեցիներու դերը սփիւռքի մէջ՝ աջակցելու հաւատացեալներուն, որպէսզի լիովին համարկուին /ինդեգրուին/ նոր հայրենիքին մէջ, բայց միաժամանակ պահպանեն ամբողջական կապը դաւանանքին եւ աւանդոյթներուն հետ: Առանձին անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժի հետեւանքներուն եւ Լիպիայի ափերուն մօտ նաւաբեկութեան պատճառով խեղդուած եգիպտացի երեխաներուն, որոնց շարքին էին բազմաթիւ ղպտի քրիստոնեաներ՝ աղօթք առաքելով անոնց յիշատակին։

Եպիսկոպոս Անպա Տամիան ներկայացուց Եւրոպայի Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Մշտական համաժողովի կանոնադրութեան առաջին նախագիծը։

Հինգշաբթի յետմիջօրէին Սուրբ Միքայէլիս եկեղեցւոյ մէջ տ հանդիպում տեղի ունեցաւ Պրո Օրիենտէի նախագահ պարոն Ալֆոնս Մ. Քլոսի եւ անոր գործընկերներուն հետ:  Նախագահը ողջունեց ներկաները եւ տեղեկացուց՝ Կաթողիկէ եւ Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու միջեւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու հարթակի վրայ, անոր գլխաւորած հիմնադրամի կողմէ կատարուած ծաւալուն աշխատանքի եւ ձեռքբերումներու մասին:

Տ․ Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան խօսեցաւ OCE-ինախաձեռնութեան մասին՝ Եւրոպայի մէջ արեւելեան քրիստոնեաներու համարկումի կացութիւնում, հաստատելով, որ անհրաժեշտ է միասին աշխատիլ որպէս արեւելեան քրիստոնեաներ, բայց նաեւ միջեկեղեցական ոգիով համակուած համագործակցիլ Կաթողիկէ եւ միւս Եկեղեցիներու հետ։ Նախագահ Քլոսն ու փրոֆ. Վինքլերն իրենց օգնութիւնը առաջարկեցին եւ համագործակցելու պատրաստակամութիւն յայտնեցին։

Վիեննայի Սուրբ Ստեփանոս մայր եկեղեցւոյ մէջ շրջայցի մասնակիցները տեղեկացան անոր հարուստ պատմութեան մասին եւ ծանօթացան այդտեղ խնամքով պահպանուող ամենաթանկ մասունքներու մէկ քանիին, ինչպէս օրինակ՝ Սուրբ Խաչի բեկորին:

Վիեննայի Կաթողիկէ առաջնորդ, Կարտինալ Քրիստոֆ Շոնպորն Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ եղաւ երեկոյեան աղօթքին։ Իր ողջոյնի խօսքով  Տ․ Խաժակ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթեց Կարտինալին եւ բոլորի կողմէ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր ներկայութեան, այնուհետ տեղեկութիւններ փոխանցեց համագումարի մասին։ Իր պատասխան խօսքին մէջ Կարտինալ Շոնպորն բարձր գնահատեց համագումարի մասնակիցները իրենց աշխատանքին համար։ Ան ներկաներուն յիշեցուց, որ ուղղափառ քրիստոնեաները տարբեր ժամանակաշրջաններուն  նահատակուած են յանուն իրենց հաւատքի՝ անդրադառնալով նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լեռան քառասուն օրը» վէպին։ Ապա իր մտահոգութիւնը յայտնեց Մերձաւոր Արեւելքի ներկայիս իրավիճակի վերաբերեալ։ Խօսքի աւարտին, ան օրհնեց հանդիպման մասնակիցները եւ իր բարեմաղթանքները յայտնեց OCE-ի յետագայ աշխատանքներուն։  Վիեննայի Կաթողիկէ առաջնորդը սիրով մասնակցեցաւ ընդունելութեան, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ աղօթքէն ետք։ Հրաւիրուած էին նաեւ Վիեննայի Ղպտի եւ Ասորի ուղղափառ համայնքներու անդամներ։ Հիւրասիրութեան ընթացքին Գերշ․ Տ․ Տիրան Եպս․ Պետրոսեան շնորհաւորութիւններ ստացաւ իր ծննդեան տօնին առիթով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment