«Մարտ 1»-ը բացայայտուած է, բայց մեղաւորները տակաւին պատժուած չեն, յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը` «Մարտ 1»-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի բացման:
Լրագրողի հարցին, թէ ինչո՞ւ, գործադիրի ղեկավարը պատասխանած է` «ամենտարբեր պատճառներով, այդ շարքին՝ իրաւական շարք մը որոշումներու»:
«Այն, որ մինչեւ հիմա «Մարտ 1»-ի մարդասպանները յայտնաբերուած չեն, դա չի նշանակում, որ այդպէս չի լինի: Մանաւանդ` ամենամեծ խնդիրը հետեւեալն է, կամ մեծ խնդիրներից մէկը, որ նաեւ քրէական գործի վարոյթներով է հիմնաւորուել, ապացուցուել, որ նախաքննութիւնը 2008 թուականի Մարտի 1-ից անմիջապէս յետոյ ոչ միայն ամբողջ ջանքերը չի գործադրել, որպէսզի տեղի ունեցած յանցագործութիւնը բացայայտուի, այլեւ բոլոր հնարաւոր ջանքերը գործադրուել են, որպէսզի բացայայտումը դժուար լինի կամ անհնար դառնայ», ըսած է վարչապետը:
Փաշինեան յիշեցուցած է, թէ քրէական գործով պարզուած է, որ դէպքի վայրէն յայտնաբերուած պարկուճներուն մէկ մասը փոխուած է:
«Պատկերացնել կարելի է, թէ այս ամէնն ինչ հետեւանքներ է բերում: Բայց դա կապ չունի իմ, յամենայն դէպս էնքանով, որքանով ես կարող եմ դիրքորոշում արտայայտել իրաւապահ մարմինների վերաբերեալ, իմ դիրքորոշումն այն է, որ լիարժէք եւ ամբողջական մենք պէտք է հասնենք բացայայտմանը: Դա մեր օրակարգից դուրս չի եկել», ըսաւ Փաշինեան:
Վարչապետը իշխանութեան միւս ներկայացուցիչներուն հետ Մարտ 1-ի առաւօտեան մասնակցած է «Մարտ 1»-ի զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանի բացման:
Նշենք, որ այս տարի կը լրանայ «Մարտ 1»-ի արիւնալի իրադարձութիւններու 15-րդ տարին: