Փետրուար 28-ի վաղ առաւօտեան, Սթամպուլ-Երեւան օդանաւի ժամանումէն յետոյ, «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ ձերբակալուած է Ռուսիոյ քաղաքացի, 31-ամեայ Նիքիթա Ք.-ն:
Հայաստանի ոստիկանութեան փոխանցմամբ` Ռուսիոյ քաղաքացին անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 20-էն կը հետախուզուի Մոսկուայի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ` վանտալիզմի համար:
Ոստիկանութենէն հաղորդեցին, որ ան գծային բաժին տարուած է, իսկ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութենէն մերժեցին որեւէ մանրամասնութիւն փոխանցել:
«Զուարթնոցօ օդակայանի հերթապահ մասէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ ձերբակալուած քաղաքացին երկրէն չբացակայելու մասին ստորագրութեամբ ազատ արձակուած է:
Ըստ ռուսական աղբիւրներու` Նիքիթա Քամեսքին տեղեկացուցած է, որ ձերբակալուած է Երեւանի մէջ:
Ռուսական մամուլէն կը տեղեկանանք, որ Քամեսքիի նկատմամբ Յուլիսին գործ յարուցած են` Մոսկուայի մեթրոյի «Թիմիրեազեւսքայա» կայարանին մէջ հակապատերազմական գրութիւններ ընելու համար: Այդ ժամանակ իրաւապահները զայն հարցաքննած են, աւելի ուշ` խուզարկած են բնակարանը: Անոր նկատմամբ խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութեամբ երկրէն չբացակայիլը:
Ռուսակական լրատուամիջոցներուն համաձայն` Ռուսիոյ մէջ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը քննադատող աւելի քան 450 մարդու նկատմամբ քրէական գործեր յարուցուած են: