Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սփիւռքահայ Մասնագէտները Կը Հրաւիրուին Աշխատելու ՀՀ Կառավարման Համակարգին Մէջ. Կը Մեկնարկէ «Ի Գործ» 2023 Ծրագրի Յայտադիմումներու Ընդունումը

Սփիւռքահայ Մասնագէտները Կը Հրաւիրուին Աշխատելու ՀՀ Կառավարման Համակարգին Մէջ. Կը Մեկնարկէ «Ի Գործ» 2023 Ծրագրի Յայտադիմումներու Ընդունումը

by MassisPost

ՀՀ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը մեկնարկէ «Ի Գործ» 2023 ծրագրի յայտադիմումներու ընդունումը, որ սփիւռքահայ մասնագէտներուն հնարաւորութիւն կու տայ մէկ տարի ժամկէտով աշխատելու Հայաստանի պետական կառավարման 20-է աւելի մարմիններու մէջ:

Ծրագրին կրնան դիմել այն սփիւռքահայ մասնագէտները, որոնք ունին Պսակաւոր Արուեստից վկայականի աստիճան եւ առնուազն 5 տարուան աշխատանքային փորձ կամ Մագիստրոսական վկայականի աստիճան (կամ համարժէք կամ աւելի բարձր) եւ 3 տարուան մասնագիտական աշխատանքային փորձ:

2023 թուականի յայտադիմումները կ’ընդունուին մինչեւ Ապրիլ 5` հայերէնով, անգլերէնով եւ ռուսերէնով: Հարցազրոյցներու վերջնական փուլը յաջողութեամբ անցած մասնագէտները այս տարուան Սեպտեմբեր 1-էն աշխատանքի պիտի անցնին համապատասխան  գերատեսչութիւններու մէջ:

Ընտրուած մասնակիցներուն կը տրամադրու ճամբորդական տոմս (դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ), կեցութիւն նպաստ` ամսական 336.000 դրամ ծրագրի ընթացքին, առողջութեան ապահովագրութիւն եւ մէկ տարուան կացութեան կարգավիճակի տրամադրման վճարը:

Մասնագէտները կրնան լրացնել յայտադիմումը Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի կայքին մէջ:

«Ի Գործ» ծրագիրը կ’իրականացուի 4-րդ անգամ ըլլալով: Այն Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ իրականցուող առաջին ծրագիրն է, որու ծիրին մէջ սփիւռքահայ մասնագէտները պետական մակարդակով կը հրաւիրուին աշխատանքի ՀՀ կառավարութեան եւ այլ գերատեսչութիւններու մէջ:

Ծրագրի ծիրին մէջ արդէն իսկ սփիւռքահայ 150 մասնագէտ աշխատանքի անցած է Հայաստանի եւ Արցախի գերատեսչութիւններուն մէջ: Ծրագրի աւարտէն յետոյ անոնց 60 տոկոսէն աւելին մշտական աշխատանքի անցած է Հայաստանի մէջ, այդ շարքին` զբաղեցնելով բարձրաստիճան պաշտօններ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment