Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսաստան Կը Շարունակէ Անհանգստանալ

Ռուսաստան Կը Շարունակէ Անհանգստանալ

by MassisPost

Կասկածէ վեր է որ Հայաստան-Ռուսաստան յարաբերութիւնները իրենց լաւագոյն օրերուն մէջ չեն: 44-օրեայ պատերազմէն ետք Երեւան երկար ժամանակ կը կարծէր թէ, պատերազմը հայկական ինքնիշխան տարածք փոխադրուելու պարագային Ռուսաստանի պիտի փութայ օգնութեան հասնելու իր ռազմավարական դաշնակիցին` զսպելով Ատրպէյճանի նկրտումները տարածաշրջանէն ներս:

Հայաստան նաեւ կը յուսար որ, Ռուսաստան պիտի օգնէ, որպէսզի Հայկական զինուած ուժերը նոր զինատեսակներ ձեռք ձգեն  ու կարողանան դիմադրել Ատրպէյճանի ներխուժման փորձերուն: Երկար սպասումէ ետք չիրականացան այդ ակնկալութիւնները, հակառակ որ, Հայաստան Ռուսաստանին վճարած էր հարիւրաւոր միլիոն տոլար« սակայն այդ զէնքերը չհասան Հայաստան, ստիպելով վարչապետ Փաշինեանին Ազգային Ժողովէն ներս հրապարակաւ հանդէս գայ այդ մասին:

Անցեալ տարուայ Սեպտեմբերին« երբ Ազերի բանակը դարձեալ ներխուժեց Հայաստանի հողերէն ներս` գրաւելով զգալի տարածքներ« Երեւան պաշտօնապէս դիմեց Հաւաքական Անվտանգութեան կազմակերպութեան ՀԱՊԿ-ին` խնդրելով օգնութեան հասնելու իրենց դաշնակիցին:  ՀԱՊԿ ոչ միայն չընդառաջեց  օգնութեան խնդրանքին, նոյնիսկ դատապարտումի խօսք չըսաւ Ատրպէյճանի թշնամական քայլերուն` Կազմակերպութեան անդամ երկրի մը դէմ:

Այս իրողութեան լոյսին տակ Հայաստան սկսաւ փնտռել զէնքի այլ աղբիւրներ եւ դաշնակիցներ` իր հայեացքը ուղղելով Հնդկաստանին եւ Արեւմուտքին:

Հնդկաստանէն զէնք ստանալու հարցով Մոսկուան հրապարակային վերապահութիւն չյայտնեց, հաւանաբար այն պատճառաւ որ, Հնդկաստան չէզոք երկիր կը համարուի, իսկ անոր արտադրած զէնքերը Ռուսաստանեան զէնքերու կրկնօրինակն է` աւելի արդիականացած:

Հարցը երբ հասաւ Հայաստանի յարաբարութիւններուն` Միացեալ Նահանգներուն եւ Եւրոպական երկիրներուն հետ, Մոսկուա սկսաւ անհանգստանալ: Վերջերս երբ յայտնի դարձաւ որ, եւրոպական դիտորդական առաքելութիւն պիտի ժամանէ Հայ-Ատրպէյճանական սահման, Ռուսաստանի վրդովմունքը հասաւ իր գագաթնակէտին: Ան կը յայտարարէ որ, եւրոպացի դիտորդներու ներկայութիւնը պիտի վնասէ Հայ-ատրպէյճանական հաշտութեան քայլերուն: Աւելին` արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լավրով կը կարծէ որ, այդ քայլը պէտք էր համաձայնեցուէր Ատրպէյճանի հետ: Անհասկնալի է Լավրովի այս առաջարկը, երբ Եւրոպացի դիտորդները պիտի տեղակայուին Հայաստանի հողին վրայ:

Վերջերս  Լավրով նաեւ յայտարարեց որ, ՀԱՊԿ-ն պատրաստ է 1-2 օրուայ ընթացքին դիտորդներ ուղարկել սահման: Հայաստանի իշխանութիւններներուն դիրքորոշումը շատ յստակ է: ՀԱՊԿ նախ պէտք է  գնահատական տայ Ատրպէյճանի քայլերուն` նախ ընդունելով Հայաստանի միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմանները: Եթէ անոնք պիտի ըսեն որ, Հայ-Ատրպէյճանական սահմանը ճշդուած չէ, այդ պարագային  ԵԱՀԿ դիտորդները ընելիք չունին: Նոր յարձակումի պարագային անոնք կրնան ետք քաշուիլ իրենց դիրքերէն` Հայաստանը դարձեալ ձգելով անպաշտպան:

Այստեղ պէտք է յիշել նաեւ որ, անցեալ տարի Մոսկուան աղմուկ բարձրացուց` ըսելով որ Հայաստան ընդունած է հաշտութեան Ամերիկեան ծրագիրը: Որուն Երեւան պատասխանց, որ կ’ընդունի Ռուսաստանի ծրագիրը, սակայն ամիսներ անց Մոսկուա չկարողացաւ համոզել Ատրպէյճանական կողմը` իր առաջարկներուն նկատմամբ:

Այս բոլորին յաջորդեց Լաչինի միջանցքի փակումը` 120 արցախցիները զրկելով իրենց ազատ տեղաշարժի իրաւունքէն: Երկու ամիս անցած է ճանապարհի փակումէն, սակայն Ռուս խաղաղապահները քայլեր չեն չձեռնարկեր ճամբան բանալու համար:

Այս է Հայ-ռուսական յարաբերութիւններու վերջին տարիներու պատկերը: Անցած են այն օրերը երբ Հայաստան իր քայլերը կը համադրեր Մոսկուա հետ ու կը փորձեր հաճոյանալ ռազմական դաշնակիցին` խորհելով որ ան օգնութեան պիտի հասնի հայ ժողովուրդի: Սակայն, ըստ երեւոյթին Փութին Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները աւելի գերակայ կը նկատէ, Հայաստանը չձգելով այլ ելք` ապաւինելու այլ դաշնակիցներու:

Պետութիւններ  կ’առաջնորդուին իրեց  ազգային շահերով: Ներկայիս Հայաստան այդ առումով այժմ կը գտնուի ճիշդ ուղղութեան վրայ:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment