Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան Խովաեւի Հետ Քննարկած Է Լաչինի Միջանցքի Շրջափակման Հետեւանքով ԼՂ-ի Մէջ Ստեղծուած Մարդասիրական Ճգնաժամի Յաղթահարման Քայլերը

Փաշինեան Խովաեւի Հետ Քննարկած Է Լաչինի Միջանցքի Շրջափակման Հետեւանքով ԼՂ-ի Մէջ Ստեղծուած Մարդասիրական Ճգնաժամի Յաղթահարման Քայլերը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ռուս համանախագահ Իկոր Խովաեւը:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի ապօրինի շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամին եւ անոր յաղթահարման ուղղուած քայլերուն:

Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է Ատրպէյճանի կողմէ 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան հերթական խախտման փաստը եւ յայտարարութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններու լիարժէք իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հնարաւորութիւններուն ու Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment