Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՀՀ ԱԳՆ-ն Խոր Մտահոգութիւն Յայտնած Է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին Եւ Հայերուն Վրայ Յարձակումներու Առնչութեամբ

ՀՀ ԱԳՆ-ն Խոր Մտահոգութիւն Յայտնած Է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանին Եւ Հայերուն Վրայ Յարձակումներու Առնչութեամբ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործերու Նախարարութիւնը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Երուսաղէմի քրիստոնէական հաստատութիւններուն դէմ բռնութիւններու վերջին գործողութիւններուն առնչութեամբ:

ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակը Թուիթըրի մէջ գրած է. «Մենք խորապէս մտահոգուած ենք բռնութիւնների եւ վանտալիզմի վերջին գործողութիւնների կապակցութեամբ` ուղղուած Երուսաղէմի քրիստոնէական կրօնական հաստատութիւններին, այդ թւում` Հայոց պատրիարքարանին եւ Հին քաղաքի հայ բնակիչներին»:

Աւելի վաղ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Հայր Աղան Կոկճեանը տեղեկացուցած էր, որ Երուսաղէմի մէջ փորձած են բարձրանալ Հայոց պատրիարքարանի տանիք եւ հանել խաչակիր եւ ՀՀ դրօշները, ինչպէս նաեւ երկու յարձակում կատարած են հայերու վրայ: Մինչ այդ ալ հրէայ ծայրահեղականները Երուսաղէմի մէջ յարձակած էին հայկական ճաշարանի վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment