Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱԿ-ի Դատարանին Մէջ Ներկայացուեցաւ Հայաստանի Միջանկեալ Պահանջները Ատրպէյճանի Նկատմամբ

ՄԱԿ-ի Դատարանին Մէջ Ներկայացուեցաւ Հայաստանի Միջանկեալ Պահանջները Ատրպէյճանի Նկատմամբ

by MassisPost

ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան ներկայացուց Հայաստանի միջանկեալ պահանջները Ատրպէյճանի նկատմամբ: Ցեղապաշտական խտրականութեան վերացման կոմիտէի վարոյթի ծիրին մէջ Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանի ներկայացուցած հայցի լսումներուն ժամանակ Եղիշէ Կիրակոսեան նշեց, որ Հայաստան կը խնդրէ դատարանէն պարտադրել հետեւեալ միջանկեալ միջոցները նախքան այս գործով վճիռ կայացնելը:

«Ատրպէյճանը պէտք է դադարեցնի իր կազմակերպումն ու  օժանդակութիւնը, այսպէս կոչուած, բողոքների ցոյցերին, որոնք խաթարում են ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով` երկու ուղղութեամբ: Ատրպէյճանը պէտք է երաշխաւորի Լաչինի միջանցքով բոլոր անձանց, բեռների եւ փոխադրութեան միջոցների անխափան տեղաշարժը` երկու ուղղութեամբ:

Ատրպէյճանը անմիջապէս պէտք է լիովին վերականգնի եւ ձեռնպահ մնայ խաթարելուց կամ խանգարելուց բնական կազի կամ այլ հանրային ծառայութիւնների մատակարարումը ԼՂ», ըսաւ Կիրակոսեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment