Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԵԽԽՎ-ն Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընէ Բանալու Լաչինի Միջանցքը, Ազատ Արձակելու Բոլոր Հայ Գերիները

ԵԽԽՎ-ն Ատրպէյճանին Կոչ Կ’ընէ Բանալու Լաչինի Միջանցքը, Ազատ Արձակելու Բոլոր Հայ Գերիները

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովը Ատրպէյճանին կոչ ըրած է անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր հայ ռազմագերիներն ու քաղաքացիական անձերը:

2022 թուականին վերահսկողութեան տակ գտնուող անդամ պետութիւններու յառաջընթացի վերաբերեալ բանաձեւին մէջ Վեհաժողովը ի գիտութիւն կ’ընդունի Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի ամենավերջին հրատապ ծանուցումը` ուղղուած Եւրոպայի Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէին, որ կոչ կ’ընէ վերահսկելու Ատրպէյճանի կողմէ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի իր որոշոման կատարումը Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ եւ կոչ կ’ընէ անյապաղ եւ լիարժէք իրականացնելու Դատարանին կողմէ որոշուած միջանկեալ միջոցները:

Վեհաժողովը նաեւ կը հետեւի Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուրջ իրավիճակին: Վեհաժողովը Ատրպէյճանին կոչ կ’ընէ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուածները:

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանին, Վեհաժողովը կ’ողջունէ Հայաստանի ժողովրդավարական զարգացման զգալի յառաջընթացը եւ կոչ կ’ընէ իշխանութիւններուն աւարտին հասցնելու ընտրական դաշտի բարեփոխումը, շարունակելու դատական համակարգի բարեփոխումները եւ ամրապնդելու լրատուամիջոցներու ազատութիւնը: Վեհաժողովը պիտի շարունակէ ուշադիր հետեւելու հաստատութենական հաւասարակշռութեան եւ ժողովրդավարական մշակոյթի հաստատման հետ կապուած զարգացումներուն:

Ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանին, Վեհաժողովը կ’ողջունէ իշխանութիւններուն` քաղաքական երկխօսութեան հաւատարիմ ըլլալու յանձնառութիւնը, սակայն կը ցաւի, որ, ընդհանուր առմամբ, իրավիճակը Ատրպէյճանի մէջ չէ բարելաւուած, եւ որ օրէնքի գերակայութեան, բազմակարծութեան, ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներուն հետ կապուած շարք մը անհանգստութիւններ կը պահպանուին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment