Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ատրպէյճան Կը Տարհանէ Թեհրանի Իր Դեսպանատան Աշխատակիցները

Ատրպէյճան Կը Տարհանէ Թեհրանի Իր Դեսպանատան Աշխատակիցները

by MassisPost

Տարհանման պատճառը դեսպանատան վրայ Յունուար 27-ի առաւօտեան տեղի ունեցած զինուած յարձակումն է: Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերի Նախարարութեան Մամուլի ծառայութեան ղեկավար Այխան Հաճիզատէն:

Իրանի ոստիկանութիւնը ձերբակալած է առաւօտեան Թեհրանի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան վրայ յարձակում իրականացնող անձը: Այս մասին հաղորդած է Թեհրանի ոստիկանապետ, զօրավար Հոսէյն Ռահիմին:

Ռահիմին նշած է, որ յարձակուղը առաւօտեան մտած է դեսպանութեան շէնք եւ հրազէնէ կրակ բացած է: Միջադէպին հետեւանքով 1 մարդ սպաննուած է, եւս 2 հոգի` վիրաւորուած:

Թեհրանի ոստիկանապետը նշած է, որ յարձակողը շէնք մտած է իր երկու երեխաներուն հետ: Նախաքննութեան ժամանակ որպէս հրաձգութեան շարժառիթ յարձակողը նշած է «անձնական եւ ընտանեկան խնդիրներ»:

Ըստ Ատրպէյճանի Արտաքին Գործերու Նախարարութեան յայտարարութեան` յարձակողը զինուած եղած է Քալաշնիքովով: Երկու վիրաւորներուն վիճակը բաւարար է:

Միւս կողմէ, նոյն օրը խումբ մը իրանցիներ հաւաքուած են Թեհրանի մէջ` բողոքելու Լաչինի միջանցքի փակման եւ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ոտնահարման դէմ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment