Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փաշինեան Կը վերահաստատէ ԼՂ Եւ Լաչինի Միջանցք Միջազգային Փաստահաւաք Առաքելութիւն Գործուղելու Անհրաժեշտութիւնը

Փաշինեան Կը վերահաստատէ ԼՂ Եւ Լաչինի Միջանցք Միջազգային Փաստահաւաք Առաքելութիւն Գործուղելու Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կարեւորէ Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելը եւ  անոր հասնելու համար հետեւողական աշխատանքի իրականացումը: Փաշինեան այս մասին ըսաւ ՀՀ կառավարութեան Յունուար 26-ի նիստին:

Վարչապետը նախ ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը իրենց տուներէն արտաքսելը Ատրպէյճանի միակ նպատակը չէ: Այս սադրիչ գործողութիւններով Ատրպէյճանը նպատակ ունի նաեւ խափանել խաղաղութեան օրակարգը, խաղաղութեան բանակցային գործընթացը եւ նոր պատերազմ հրահրել տարածաշրջանին մէջ: «Հասկանալի է, ի հարկէ, որ Լաչինի միջանցքի փակման եւ ԼՂ-ում ստեղծուած մարդասիրական ճգնաժամը մենք բոլորս շատ զգացական ենք տանում: Բայց պէտք է կրկին ընդգծեմ այս իրավիճակի շուրջ զսպուածութեան անհրաժեշտութիւնը եւ խաղաղութեան օրակարգին հակասող բառապաշարի ու գործողութիւնների բացառումը` առաւել եւս պետական իշխանութեան ներկայացուցիչների կողմից: Մենք շարունակում ենք հետեւողական լինել խաղաղութեան օրակարգի յառաջմղման մեր ջանքերում եւ որեւէ սադրանքով մեզ հնարաւոր պէտք է չլինի շեղել այս օրակարգից», ըսաւ Փաշինեան:

Միեւնոյն ժամանակ վարչապետը ընդգծեց, որ պէտք է շարունակել իշխանութեան, ընդդիմութեան, քաղաքացիական հասարակութեան, հայաստանեան եւ սփիւռքի անհատներու եւ կազմակերպութիւններու համատեղ ջանքերը` ԼՂ հայութեան իրաւունքներուն եւ անվտանգութեան նկատմամբ իրականացուող ոտնձգութիւններուն վրայ միջազգային ուշադրութիւն կեդրոնացնելու ուղղութեամբ:  Փաշինեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց այն երկիրներուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնք ստեղծուած իրավիճակին կ’արձագանգեն առարկայականօրէն եւ անկողմնակալ` յենուելով մարդու իրաւունքներու եւ երկիրներուն ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն վրայ:

Ան ընդգծեց, որ արդէն երկար ժամանակէ Ատրպէյճան կը փորձէ միջազգային հանրութիւնը համոզել, որ Լաչինի միջանցքը ամենեւին ալ փակ չէ, որ ԼՂ-ի կազամատակարարումն ու հոսանքի մատակարարումը դադրեցուած չէ: «Ակնյայտօրէն Հայաստանն ու Լեռնային Ղարաբաղը հակառակն են պնդում: Կարծում եմ` հէնց այս հակասութիւնը տէ իւրէ լուծելու լաւագոյն ձեւը Լեռնային Ղարաբաղ եւ Լաչինի միջանցք միջազգային փաստահաւաք առաքելութիւն գործուղելն է: Եւ մենք հետեւողականօրէն պէտք է աշխատենք այս ուղղութեամբ», նշեց Փաշինեան:

Վարչապետին համոզմամբ` ընդհանուր առմամբ` տարածաշրջանին մէջ առկայ բոլոր խնդիրներու խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի, եւ հայկական կողմը պիտի առաջնորդուի նոյնինքն այս տրամաբանութեամբ` հասկնալով բոլոր դժուարութիւններն ու բարդութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment